Ատրպէյճանի նախայարձակ գործողութիւնները լռեցուած են

By Asbarez | Wednesday, 14 October 2015

1014front

ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, <<Արցախփրէս>> - Հոկտեմբեր 12ի եւ լոյս 13ի գիշերը ղարաբաղա-ատրպէյճանական շփման գիծին վրայ հակառակորդին կողմէ հրադադարի կարգը խախտուած է մօտաւորապէս 150 անգամ, որուն ընթացքին, տարբեր տրամաչափի հրաձգային զէնքերէ, ինչպէս նաեւ՝ 60, 13 եւ 82 մմ. ականանետներէ հայ դիրքապահներուն ուղղութեամբ արձակուած է աւելի քան 2500 կրակոց:


Ղարաբաղի պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ ծառայութիւնը հաստատած է, որ պաշտպանութեան բանակի առաջապահ ստորաբաժանումներուն ձեռնարկած պատասխան գործողութիւններուն արդիւնքով՝ հակառակորդի նախայարձակ գործողութիւնները լռեցուած են։


comments