By Asbarez | Wednesday, 14 October 2015
ՊԱՔՈՒ, <<Էյ.Փի.Էյ.>> - ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակի ամերիկացի համանախագահ Ճէյմզ Ուորլիք յայտնած է, որ ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակի համանախագահները մինչեւ Հոկտեմբերի վերջ պիտի այցելեն Հայաստան ու Ատրպէյճան եւ հանդիպում ունենան երկու երկիրներու նախագահներ Սերժ Սարգսեանի ու Իլհամ Ալիեւի հետ:
Ամերիկացի համանախագահը յայտնած է, որ նախագահներու հանդիպման տեղն ու ժամկէտը կախեալ են նոյնինքն անոնց որոշումէն:
<<Այս հարցը պիտի ըլլայ մեր բանակցութիւններու հիմնական նիւթը: Անոնք տուած են իրենց համաձայնութիւնը՝ բանակցութիւնները աշխուժացնելու վերաբերեալ: Մենք կը հաւատանք, որ ատիկա կարեւոր քայլ է տուեալ տագնապը խաղաղ ճամբով լուծելու ուղղութեամբ>>, յայտնած է Ուորլիք:
Մինչ այդ, ԵԱՀԿի ընդհանուր քարտուղար Լամպերթօ Զանիեր, Մոսկուայի մէջ ՀԱՊԿի մնայուն խորհուրդի նիստին ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ յայտնած էր. <<Մենք մտահոգուած ենք շրջանին մէջ եւ Հայաստանի ու Ատրպէյճանի սահմանին բռնութեան աճով. անհրաժեշտ է աշխատանք տանիլ քաղաքական ղեկավարութեան հետ: ՄԱԿի Ընդհանուր ժողովի ծիրին մէջ մենք հանդիպումներ ունեցած ենք արտաքին գործոց նախարարներուն եւ Մինսկի խմբակի համանախագահներուն հետ: Աշնան ընթացքին հաւանական է յաւելեալ հանդիպում մը: Մենք յոյսով ենք, որ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահներուն հետ հանդիպում մը կարելի պիտի ըլլայ>>:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ