By Asbarez | Thursday, 15 October 2015
ԵՐԵՒԱՆ.– Հայկական հարցին մասին բազմաթիւ գիրքեր հրատարակած թուրք գրող Քեմալ Եալչըն, որ առաջին անգամ ըլլալով Հայաստան կ՛այցելէ, կը հաւատայ, որ պիտի գայ օրը, երբ Անկարայի մէջ նոյնպէս պիտի կառուցուի Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերուն յիշատակը յաւէերժացնող յուշակոթող: Լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին Ք. Եալչըն նշած է, որ թուրքերուն կողմէ հայերուն նկատմամբ կատարուած Ցեղասպանութիւնը հիմա եւս կը շարունակուի, քանի որ դեռ Թուրքիան չէ ընդունած իր յանցանքը:
<<Հիմա եկայ Ծիծեռնակաբերդէն, շատ յուզուած եմ, յստակօրէն կը գիտակցիմ, որ հայերուն ցաւը նաեւ իմ ցաւս է: Հայոց Ցեղասպանութեան մասին քանի մը գիրք գրած եմ, բայց գիտեմ, որ ատիկա ոչինչ է այն ցաւին դէմ, ինչ որ դուք կը զգաք: Թուրքիան պէտք է առերեսուի իր պատմութեան հետ, ճանչնայ Ցեղասպանութիւնը, հակառակ պարագային տարածաշրջանին մէջ խաղաղութիւն չի կրնար ըլլալ>>, ըսած է Քեմալ Եալչըն:
Ըստ անոր՝ Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակին Թուրքիան աշխարհի մէջ մինակ մնացած է՝ կրկնելով 1915էն ետք Թուրքիոյ իշխանութիւններուն կողմէ միշտ հնչեցուած նոյն <<երգը>>՝ <<Օսմանեան կայսրութիւնը հայերուն հանդէպ ցեղասպանութիւն չէ կատարած>>:
<<Երբ Էրտողան նոր եկաւ իշխանութեան գլուխ, խոստացաւ, որ ամէն ինչ պիտի ընէ, որպէսզի Հայկական հարցը դրական ընթացք ունենայ, սակայն ան ալ խաբեբայ դուրս եկաւ: Հրանդ Տինքին շնորհիւ 1990էն սկսեալ Թուրքիոյ մէջ մտաւորականները սկսան բարձրաձայնել Հայոց Ցեղասպանութեան մասին, բան մը, որ մինչ այդ Թուրքիոյ մէջ չտեսնուած երեւոյթ էր, սակայն մտաւորականները կը հալածուէին, ինչպէս որ եղաւ Հրանդ Տինքի պարագային: Սակայն կրնամ ըսել, որ վերջին տարիներուն այս առումով Թուրքիոյ մէջ բաւական դրական փոփոխութիւններ կը նկատուին, մտաւորականները, արուեստի ներկայացուցիչները կրնան բացէ ի բաց ներկայացնել իրենց կարծիքը Հայոց Ցեղասպանութեան մասին>>, ըսած է Քեմալ Եալչըն:
Թուրք գրողը այն կարծիքին է, որ Հայկական հարցի լուծման համար Թուրքիա պէտք է Հայաստանին տարածքային, նիւթական եւ մշակութային փոխհատուցում տայ. ըստ անոր՝ միայն այդ ձեւով կարելի է երկու երկիրներուն միջեւ վերականգնել բարեկամութիւնն ու խաղաղութիւնը. <<Եղբայրութեան ձգտող ժողովուրդին համար խաղաղութիւնը ամէն ինչէ կարեւոր է, ես կը կարծեմ, թէ Հայկական հարցին պէտք է տալ այնպիսի լուծում, ինչպէս որ կ՛ուզեն հայերը>>:
Ան նաեւ անդրադարձած է Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի յարաբերութիւններուն՝ դիտել տալով, որ Թուրքիան ամէն ինչ կ՛ընէ, որպէսզի Հայաստանի ու Ատրպէյճանի միջեւ պատերազմ սկսի: Եալչըն հաստատած է, որ պիտի գայ օրը, երբ արդարութիւնը պիտի վերականգնի եւ տարածաշրջանին մէջ խաղաղութիւն պիտի տիրէ:
<<Իբրեւ մտաւորական կը փափաքիմ, որ ատրպէյճանցիներուն եւ հայերուն միջեւ խաղաղութիւն ըլլայ: Թուրքիան մնայուն կերպով պատերազմ կը հրահրէ, Ատրպէյճանին կը վաճառէ զէնք, որով իրենք ե՛ւ հայեր, եւ թուրքեր կը սպաննեն։ Կը դատապարտեմ Թուրքիոյ իշխանութիւններու նման գործելաոճը. կարելի չէ տարածաշրջանին մէջ պատերազմ հրահրել>>, ըսած է Քեմալ Եալչըն:
Թուրք գրողը նշած է, թէ ինք տեղեակ է, որ Հայաստան գալէ ետք կրնայ Ատրպէյճան երթալու առումով հարցեր ունենալ, սակայն կը կարծէ, թէ Ատրպէյճան մարդոց դէմ նման արգելքներ դնելով ոչ մէկ տեղ կը հասնի։
<<Երբեք Ատրպէյճան չեմ այցելած եւ գիտեմ, որ կրնայ ըլլալ հարցեր ունենամ Ատրպէյճան երթալու ատեն, սակայն մէկ բան յստակ գիտեմ, որ Ատրպէյճան մարդոց դիմաց արգելքներ դնելով, <<Սեւ ցանկ>>ին մէջ արձանագրելով զանոնք ոչինչ կրնայ կառուցել եւ ոչինչի կրնայ հասնիլ>>, յայտնած է Եալչըն:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ