By Asbarez | Friday, 16 October 2015

ԵՐԵՒԱՆ, <<Նիուզ>> - Հայաստան կարեւոր կը նկատէ Եւրոպական Միութեան տուած որոշումը, ըստ որուն՝ մանդատ պիտի տրամադրուի Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու իրաւական նոր հիմքի մը ձեւաւորման շուրջ բանակցութիւններ սկսելու համար:
Այս մասին Հոկտեմբեր 13ին իր կատարած յայտարարութեան մէջ, ՀՀ արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան նշեց. <<Լիայոյս ենք, որ բանակցութիւնների արդիւնքում մշակուած փաստաթուղթը լաւագոյնս կ՛արտայայտի Հայաստան-Եւրոմիութիւն փոխշահաւէտ համագործակցութեան խորութիւնը, կ՛արտացոլի յարաբերութիւնները նոր մակարդակի բարձրացնելու համատեղ յանձնառութիւնը ու կ՛ուրուագծի փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող բոլոր ոլորտներում համապարփակ փոխգործակցութիւնը>>:
Նշենք, որ Հոկտեմբեր 12ին, Լիւքսեմպուրկի մէջ, Եւրոմիութեան արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպումին ընթացքին, ԵՄ խորհուրդը լիազօրած է Եւրոպական յանձնախումբը՝ Հայաստանի հետ նոր, իրաւական եւ համընդգրկուն համաձայնագիրի շուրջ բանակցութիւններ սկսելու:
Նոր համաձայնագիրը պիտի փոխարինէ Եւրոպական Միութեան եւ Հայաստանի միջեւ այժմ գործող Գործընկերութեան եւ համագործակցութեան համաձայնագիրը։
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ