By Asbarez | Friday, 16 October 2015
ԵՐԵՒԱՆ, <<Երկիր>>.– ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ Դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեան՝ անդրադառնալով <<Փերինչեք ընդդէմ Զուիցերիոյ>> գործով Մարդկային իրաւանց եւրոպական դատարանին տուած վճիռին, յայտնած է, որ կրնար աւելի վատ ըլլալ, եթէ չսրբագրուէին Հայոց Ցեղասպանութեան փաստին վերաբերող այն խնդրայարոյց ձեւակերպումները, որոնք նախապէս դատարանը ըրած էր: <<Բնականաբար, կարող էր աւելի լաւ լինել, եթէ, օրինակ, դատարանը հաստատէր, որ կատարուած յայտարարութիւններն ատելութեան կոչեր են>>, աւելցուցած է Մանոյեան։
Յիշեցնենք, որ ՄԻԵԴը մերժած էր Զուիցերիոյ դիմումը: Համաձայն վճիռին՝ զուիցերիական դատարանը սխալ վարուած էր Հայոց Ցեղասպանութիւնը ժխտող Տողու Փերինչեքը քրէական պատասխանատուութեան ենթարկելով, սակայն Հայոց Ցեղասպանութեան բաժինին մէջ ոչ հայանպաստ շարք մը ձեւակերպումներ վճիռէն հանուած են կամ խմբագրուած յօգուտ Հայաստանին:
Մանոյեանի համաձայն՝ կացութիւնը այնպէս չէ, որ դատարանը ամէն ձեւով արդարացուցած է Փերինչեքը: Դատարանը միաձայնութեամբ մերժած է բաւարարել Փերինչեքի՝ հատուցման պահանջները:
<<Կարեւոր փաստ է նաեւ այն, որ 17 դատաւորներից 7ը մի քանի կարեւոր հարցերի շուրջ մեծամասնութեան կարծիքը չեն կիսել: Մասնաւորապէս՝ տարակարծութիւն է եղել այն հարցի շուրջ, որ դատարանը շարունակելու է պնդել, որ Հոլոքոստի ժխտումը քրէականացնելը պէտք է լինի յատկապէս այն երկրներում, որտեղ տեղի է ունեցել այն, իսկ ինչ վերաբերում է Շուէյցարիային, ապա նա Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտումը նոյն կերպ չպէտք է քրէականացնէր>>, դիտել տուած է Կիրօ Մանոյեան:
Պատասխանելով <<Երկիր>>ի թղթակիցին այն հարցումին, թէ արդեօք ուշացած չէ՞ր Հայաստանի ներգրաւուածութիւնը այս գործընթացին, եւ թէ Հայաստանի համար ոչ այնքան շահեկան վճիռը այդ մէկուն ապացոյցը չէ՞՝ Մանոյեան ըսած է. <<Յետադարձ հայեացք գցելով՝ հեշտ է ասել, թէ ինչ կարելի էր անել, որ չարուեց: Իրականում, շատ հարցականներ կան: Եթէ Հայաստանն ի սկզբանէ գործընթացին մասնակցած լինէր, խնդրայարոյց կը լինէր դատարանի առաջին որոշումը, եւ այդ որոշման մէջ ինչ-որ բան փոխելը համեմատաբար աւելի հեշտ կը լինէր: Առաջին որոշումը բաւականին վնասակար էր մեզ համար, քանի որ դատարանը կենտրոնացել էր այն տեսակէտի վրայ, որը Թուրքիան արտայայտել էր, եւ եթէ այդ ժամանակ Հայաստանի տեսակէտն էլ արտայայտուած լինէր, կարծում եմ՝ աւելի հաւասարակշռուած որոշում կը լինէր>>:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ