By Asbarez | Friday, 16 October 2015
ԵՐԵՒԱՆ, <<Փանորամա>> - Մարդու իրաւանց եւրոպական դատարանին մէջ 15 Հոկտեմբերին <<Փերինչեք ընդդէմ Զուիցերիոյ>> գործով հրապարակուած վճիռէն ետք, ՄԻԵԴի մէջ Հայաստանի կառավարութեան լիազօր ներկայացուցիչ, Հայաստանի Գլխաւոր դատախազ Գէորգ Կոստանեան դրական գնահատական տուած է գործին մէջ Հայաստանի կարգավիճակին եւ դատարանին ներկայացուած պահանջներուն: Ան նշած է, որ դատարանի վճիռով սահմանուեցաւ, որ Եւրոպական դատարանը այն կառոյցը չէ, որ իրաւասու է գնահատելու Ցեղասպանութեան տեղի ունեցած ըլլալ կամ չըլլալը։
<<Այս առումով արձանագրում ենք, որ մենք մեր նպատակին հասանք: Կարեւոր էր նաեւ այն, որ եթէ անգամ դատարանը ճանաչում է, որ Փերինչեքին դատապարտելը Հայոց Ցեղասպանութիւնը ժխտելու համար կոնվենցիայի խախտում է, դատարանը յստակ սահմանեց, որ ոչ միայն Ցեղասպանութիւնը քրէականացնող օրէնսդրութիւնը կոնվենցիային չի հակասում եւ այն ժխտելու համար քրէական պատասխանատուութիւնը պարտադիր է՝ ուղղակի սահմանելով, որ այդ դրոյթները պէտք է համապատասխանեն կոնվենցիային եւ օրէնսդրութիւնը ճիշդ կիրառուի անձի նկատմամբ: Այս դէպքում Փերինչեքին դատապարտելը համարուել է կոնվենցիայի խախտում ոչ թէ այն պատճառով, որ Շուեյցարիայի օրէնքն է հակասում կոնվենցիային, այլ Շուեյցարիայի տուեալ օրէնքը սխալ է կիրառուել Փերինչեքի նկատմամբ>>, դիտել տուած է Գ. Կոստանեան:
Եւրոպական դատարանը նաեւ նշած է, որ հայերը ունին իրենց նախնիներուն արժանապատուութիւնը պաշտպանելու իրաւունք: Այսինքն՝ իւրաքանչիւր հայ կրնայ Ցեղասպանութեան ենթարկուած ըլլալու առնչուող իր իրաւունքները պաշտպանել Եւրոպական դատարանին մէջ:
<<Այս վճռով ՄԻԵԴը մեծ հնարաւորութիւն տուեց հայերին՝ դիմելու եւրոպական դատարան, Ցեղասպանութեան հետ կապուած իր եւ իր նախնիների իրաւունքների խախտման համար: Սա յստակ սահմանուեց, ինչը նախադէպային նշանակութիւն ունի, քանի որ ՄԻԵԴի վերին պալատի վճիռն անբեկանելի է: Սրանով պայմանաւորուած՝ իւրաքանչիւր հայ ընտանիք, որը վերապրել է Ցեղասպանութիւն, սրանով իրաւունք ունի դիմել Եւրոպական դատարան>>, յայտնած է Գ. Կոստանեան։
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ