Փոփով ըսած է, որ առանց սահմանի միջադէպերու հետաքննութեան մեքանիզմի կարելի չէ ճշդել մեղաւոր կողմը

By Asbarez | Saturday, 17 October 2015

1017popov

ԵՐԵՒԱՆ, <<ՓանԱրմինիըն>>.– ԵԱՀԿ Միսնկի խումբի ռուս համանախագահ Իկոր Փոփովը ԱՊԱ գործակալութեան տուած հարցազրոյցին ընթացքին յայտնած է, որ ո՛չ ԵԱՀԿի համանախագահները, ո՛չ դիտորդները, որոնք կը գտնուին հակամարտութեան գօտիին մէջ, կարելիութիւն ունին ճշդելու, թէ ո՛վ է մեղաւորը, առանց ղարաբաղեան գօտիին մէջ տեղի ունեցած միջադէպերու համապատասխան հետաքննութեան։


Ըստ անոր՝ հակամարտութեան կողմերը բազմիցս յայտարարած են հակամարտութիւնը կարգաւորելու, վիճայարոյց հարցերը խաղաղ ուղիով լուծելու իրենց ձգտումին մասին: Սակայն վերջերս ակնյայտ է սահմանին եւ շփման գիծին մէջ զինուած հակամարտութեան աշխուժացումը՝ հրետանիի, խոշոր տրամաչափի գնդացիրներու, համազարկային հրթիռային կայանքներու կիրարկումով: Նկատելիօրէն աւելցած է կորուստներուն թիւը, որոնց մէջ՝ քաղաքացիներունը: Ընդ որում, զինադադարի խախտման համար աւանդաբար կողմերը պատասխանատուութիւնը կը բարդեն մէկզմէկու վրայ։


<<Սակայն, ո՛չ ԵԱՀԿ համանախագահները, ո՛չ դիտորդները կարելիութիւն ունին մեղաւորները բացայայտելու առանց ղարաբաղեան գօտիին մէջ տեղի ունեցած միջադէպերու համապատասխան հետաքննութեան: Ուստի մեր <<եռեակը>>, դեսպան Քասփրչիկի հետ միասին, մշակած է եւ նախագահներուն ներկայացուցած է զինեալ միջադէպերու հետաքննութիւններու կատարման մեքանիզմի նախագիծը: 2012ի Յունուարին Սոչիի մէջ եռակողմ գագաթնաժողովին ընթացքին կատարուած քննարկումէն ետք նախագահները յանձնարարեցին համանախագահներուն՝ այդ ուղղութեամբ աշխատանքը շարունակել: Մեքանիզմի մշակումը վերջնականացաւ ԵԱՀԿի ռազմական փորձագէտներուն մասնակցութեամբ եւ յանձնուեցաւ կողմերուն: Կը կարծեմ, թէ ասոր գործնական կիրառումը առիթ պիտի տայ պատասխանելու այդ հարցին>>, ըսած է միջնորդը՝ աւելցնելով, որ նման մեքանիզմի մը առկայութիւնը կը ստիպէր անգամ մը եւս մտածել զինադադարի դրութեան խախտումէն առաջ։


<<Եթէ վստահութեան միջոցներու ամրապնդման մասին խօսելու ըլլանք, ապա պէտք չէ սահմանափակուիլ միայն ռազմական ոլորտով: Ժամանակին ռուսական միջնորդութեան գործօն աջակցութեամբ կողմերը պայմանաւորուեցան նպաստել մարդասիրական յարաբերութիւններու զարգացման: Անոնք կը մեկնէին այն երեւոյթէն, որ մտաւորականներու, գիտական եւ հասարակական շրջանակներու միջեւ երկխօսութեան հաստատումը կրնայ դրական ազդեցութիւն ունենալ բանակցութիւններու մթնոլորտին վրայ: Նման քանի մը հանդիպում կայացաւ: Կարելի չէ ըսել, որ միշտ ամէն ինչ յաջողած է: Եղած են արդիւնաւէտ քննարկումներ, նաեւ անյաջողութիւններ: Կը կարծեմ, թէ կարեւոր է խուսափիլ նման յարաբերութիւններու քաղաքականացումէն՝ զայն հաշուեյարդարի հարթակի չվերածելու համար>>, յայտնած է ռուս դիւանագէտը:


Ան նաեւ նշած է, թէ ղարաբաղեան հակամարտութեան գօտիին մէջ խաղաղապահներու տեղակայման հարց կրնայ ծագիլ, երբ ձեռք բերուին հիմնական պայմանաւորուածութիւնները: <<Խաղաղապահներու տեղակայման պէտք է նախորդէ ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդի համապատասխան բանաձեւը, ինչպէս որ նախատեսուած է ԵԱՀԿի Պուտափեշթեան գագաթնաժողովի որոշմամբ: Խաղաղապահ զօրակազմերուն մասնակից երկիրներու ընտրութիւնը պէտք է կատարուի բացառապէս հակամարտութեան կողմերու համաձայնութեամբ>>, ըսած է Փոփով:

 


comments