Ասատի՝ իշխանութեան գլուխ մնալը պիտի որոշէ Սուրիոյ ժողովուրդը. Գահիրէ

By Asbarez | Tuesday, 20 October 2015

1020syr

Սուրիացի զինուորներ՝ Հալէպի մօտակայ Քուերեսի ռազմական օդակայանին մօտերը

ԳԱՀԻՐԷ, ԴԱՄԱՍԿՈՍ, <<Ռոյթըրզ>>.- Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Ահմետ Ապու Զէյտ հերքեց, որ <<Ժընեւ 1>> խորհրդաժողովի որոշումներուն շուրջ տարակարծութիւններ գոյութիւն ունին Գահիրէի եւ Ռիատի միջեւ՝ նշելով, որ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի՝ իշխանութեան վրայ մնալու հարցը պիտի որոշուի միայն Սուրիոյ ժողովուրդին կողմէ:

Զէյտ նաեւ նշեց, որ Եգիպտոս եւ Սէուտական Արաբիա երբեմն կ՛ունենան այնպիսի կեցուածքներ, որոնք 100 առ հարիւր իրարու չեն համապատասխաներ, սակայն համակարգում կայ, եւ ուղղուածութիւնը մէկ է:


Իր կարգին, Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Միխայիլ Պոկտանով հանդիպում մը ունեցաւ Սուրիական համախոհութեան նախագահ Ահմետ Ճարպայի հետ, որուն ներկայացուց Սուրիոյ մէջ ռուսական օդային գործողութեան նպատակները: Նշենք, որ Պոկտանով Շաբաթ օր Գահիրէի մէջ հանդիպում մը ունեցած էր Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղար Նեպիլ Արապիի, Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարար Սամեհ Շուքրիի եւ սուրիական ընդդիմութեան այլ ներկայացուցիչներու հետ:

Մինչ այդ, Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը հաղորդեց, որ ռուսական օդանաւերը Կիրակի օր Սուրիոյ վերեւը կատարած են 39 թռիչքներ եւ հարուածած 51 թիրախներ: Նախարարութեան բանբերը յայտնեց, որ <<Իսլամական պետութեան>> զինեալները փախուստ կու տան դէպի Սուրիոյ արեւելեան եւ հիւսիսարեւելեան շրջանները, իսկ օդային հարուածներու ազդեցութեան տակ ջլատուած է <<Ճէյշ Ֆաթհ>> զինեալ խմբաւորման ղեկավարութիւնը:

Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին ԱՊՀի անդամ պետութիւններու ղեկավարներու խորհուրդի նիստին յայտարարած է, որ ռուս զինուորները Սուրիոյ մէջ տպաւորիչ արդիւնքներու հասած են: Ան նաեւ ընդգծած է, որ ռուսական օդանաւերն ու նաւատորմիղը Սուրիոյ մէջ միայն ահաբեկիչներու դէմ կ՛օգտագործուին՝ աւելցնելով. <<Անոնք կ՛իրականացուին ահաբեկիչներու դէմ սուրիական զօրքերու յարձակողական գործողութիւններուն ընթացքին>>:

Փութին անգամ մը եւս նշած է, որ Ռուսիա այդ հարցին մէջ առաւելագոյն լայն դաշինքի մը ձեւաւորման կողմնակից է: <<Մենք բանակցութեանց մէջ ենք Սէուտական Արաբիոյ, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու, Եգիպտոսի, Յորդանանի, Իսրայէլի եւ այլ երկիրներու հետ. փորձեր կը կատարենք համագործակցութիւն հաստատելու Միացեալ Նահանգներու եւ Թուրքիոյ հետ>>, ըսած է Ռուսիոյ նախագահը:

Ան նաեւ յայտնած է, որ ըստ տարբեր գնահատումներու՝ <<Իսլամական պետութեան>> շարքերուն մէջ կը կռուին ԱՊՀ երկիրներու 5000-7000 քաղաքացիներ:

Նշենք, որ անցած շաբաթավերջին, Սուրիոյ բանակը գործողութիւն շղթայազերծած է երեք առանցքներէ՝ Խան Թումանի, Ճապալ Ազանի եւ Ուատիհիի կողմերէն:

Հալէպի մէջ ծաւալող գործողութեանց պատասխանատու Սուրիոյ բանակի հրամանատարութիւնը զինեալներուն կոչ ուղղեց անձնատուր ըլլալու, իսկ քաղաքացիներուն թելադրեց հեռանալ զինեալներու կեդրոններէն եւ ապաստան չտրամադրել զինեալներուն:

Միւս կողմէ, Քուպայի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը <<անպատասխանատու>> որակեց մամլոյ այն տեղեկութիւնները, թէ քուպական ուժեր ուղարկուած են Սուրիա, Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատին աջակցելու համար։

 


comments