Թուրքիոյ զգետնած անօդաչու օդանաւը Ռուսական է. Տաւութօղլու

By Asbarez | Tuesday, 20 October 2015

1020drone

ԱՆԳԱՐԱ, <<Ռոյթըրզ>> -  Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 19ին, Թուրքիոյ վարչապետ Ահմետ Տաւութօղլու յայտարարեց, թէ Ուրբաթ օր Թուրքիոյ մէջ զգետնուած առանց օդաչուիի օդանաւը ռուսական էր, միաժամանակ աւելցնելով, որ Մոսկուա վստահեցուցած է, թէ անիկա ռուսական բանակին չէր պատկաներ։ Ան յայտնեց, որ սարքը հաւանաբար կը գործածուէր Սուրիոյ մէջ կռուող զինեալ խմբաւորումի մը կողմէ։


Մէկ օր առաջ, Թուրքիոյ գլխաւոր ընդդիմադիր՝ Հանրապետական ժողովրդային կուսակցութեան ղեկավար Քեմալ Քըլըճտարօղլու յայտնած էր. <<Թէ՛ Ռուսիա, թէ՛ Սուրիա կ՛ըսեն, որ ջախջախուած օդանաւը իրենց չի պատկանիր։ Կը յուսամ, որ մեր վար առած օդանաւը թրքական օդանաւերէն մէկը չէր>>:
Նաեւ, Թուրքիոյ պետական պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ վար առնուած օդանաւը 3 քլմ. խորացած է թրքական օդային տարածքէն ներս:


comments

Advertisement