«Տաթեւեր» Ճոպանուղին իր գործունէութեան 5 տարիներուն ծառայած Է 430 հազար ուղեւորի

By Asbarez | Tuesday, 20 October 2015

1020datever

 

ԵՐԵՒԱՆ, <<Նիուզ>> - <<Տաթեւեր>> ճոպանուղին արդէն հինգ տարեկան է. այդ ժամանակաշրջանին անկէ օգտուած է շուրջ 430,000 ուղեւոր:
Հինգ տարի առաջ՝ 16 Հոկտեմբեր 2010ին, սկսաւ գործելու աշխարհի ամէնէն երկար երթուդարձի դրութեամբ օժտուած ճոպանուղին՝ անցնելով Որոտանի կիրճին վրայով եւ կարելիութիւն ընձեռելով Հալիձորէն Տաթեւի միջնադարեան վանական համալիր հասնիլ կարճ եւ յարմարաւէտ օդային ճամբով։
Իր գործունէութեան 5 տարիներուն անիկա ծառայած է շուրջ 430 հազար ուղեւորի. միայն 2015ի ինը ամիսներուն՝ շուրջ 90 հազար այցելուի:
Ճոպանուղիի կառուցումէն առաջ Տաթեւ այցելողներուն թիւը տարեկան դրութեամբ 7 հազարը չէր շրջանցեր։


Զբօսաշրջութեան հոսքի աճը նպաստած է նաեւ համապատասխան ենթակառուցուածքներու զարգացման. վերջին հինգ տարիներուն ընթացքին Գորիսի մէջ բացուած է 10 նոր պանդոկ, վանական համալիրի յարակից համայնքներուն մէջ կը գործեն շուրջ երկու տասնեակ փոքր պանդոկ-տնակներ եւ սպասարկման այլ կառոյցներ:

<<Ճոպանուղին նաեւ նպաստում է հանրապետութեան <<Հարաւային միջանցք>> ուղղութեան զարգացմանը, քանի որ դէպի Տաթեւ ուղեւորուող զբօսաշրջիկները ճանապարհին կանգ են առնում Խոր Վիրապում, Նորավանքում, Արենիում եւ Զօրաց քարերում, օգտւում են մատուցուող տարբեր ծառայութիւններից>>, նշած է <<Տաթեւի վերածնունդ>> ծրագիրի ղեկավար Հայկ Թութունջեան:


<<Գարնանը ներդրուել էր աշխարհում լաւագոյններից մէկը համարուող՝ SKIDATA ընկերութեան տոմսերի վաճառքի միջազգային համակարգը, իսկ ամրանը, զբօսաշրջային ամենաակտիւ շրջանում, գործարկուեց տոմսերի վաճառքի <<օնլայն>> համակարգը՝ էապէս հեշտացնելով տոմսերի ձեռք բերման գործընթացը>>, ըսած է <<Տաթեւեր>>ու տնօրէն Վահէ Բաղդասարեան:


Նշենք, որ <<Տաթեւեր>> ճոպանուղին կառուցուած է <<Հայաստանի զարգացման նախաձեռնութիւններ>> (IDeA) հիմնադրամի <<Տաթեւի վերածնունդ>> ծրագիրով: Անիկա արձանագրուած է միջազգային մրցանիշներու <<Կինես>> գիրքին մէջ՝ ո՛չ միայն որպէս աշխարհի ամէնէն երկար երթուդարձի դրութեամբ օժտուած, այլ նաեւ որպէս ամէնէն կարճ ժամանակաշրջանի մը ընթացքին կառուցուած ճոպանուղի:

comments

Advertisement