ԵԱՀԿ մտահոգ Է Թուրքիոյ իրավիճակով

By Asbarez | Wednesday, 21 October 2015

ՊՈԼԻՍ, <<Մարմարա>> - Եւրոպայի ապահովութեան եւ համագործակցութեան կազմակերպութիւնը (ԵԱՀԿ) Թուրքիոյ մէջ ստեղծուած ապահովական պայմաններուն եւ մօտալուտ քաղաքական ընտրութիւններուն առթիւ իր մտահոգութիւնները յայտնած է։


Կազմակերպութիւնը մատնանշած է, որ յատկապէս Անատոլուի հարաւ-արեւելեան շրջաններուն մէջ ապահովութեան պայմանները շատ անբաւարար են։ Քննադատուած է նաեւ մամլոյ ազատութեան դէմ հետզհետէ աւելցող սեղմումները։


Միւս կողմէ, շեշտուած է, որ նախորդ եւ Նոյեմբեր 1ին կայանալիք ընտրութիւններուն միջեւ ժամանակը շատ կարճ է։


comments