Սուրիոյ ահաբեկիչները կը ծրագրեն այլ շրջաններու կայունութիւնը քայքայել. Փութին

By Asbarez | Thursday, 22 October 2015

1022assad putin

Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին նշեց, որ Սուրիոյ մէջ գտնուող ահաբեկիչները կը ծրագրեն այլ շրջաններու կայունութիւնը քայքայել եւ շարք մը երկիրներէ զինեալներ կը զինուորագրեն:

<<Ահաբեկիչները Սուրիոյ եւ շրջանի այլ երկիրներուն մէջ իրենց վերահսկողութեան տակ գտնուող տարածքներ ունին եւ կը ծրագրեն զանոնք ընդլայնել>>, ըսաւ Փութին՝ աւելցնելով. <<Սուրիոյ մէջ մեր զինուորական գործողութիւնը ահաբեկչութեան վտանգի դիմակայման Ռուսիոյ կարողութիւնը ցոյց տուաւ>>:
Նշենք, որ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ Երեքշաբթի գիշեր անակնկալօրէն Մոսկուա այցելած է՝ անձամբ շնորհակալութիւն յայտնելով Մոսկուայի ցուցաբերած աջակցութեան։
Ռուսիոյ նախագահի մամլոյ խօսնակ Տմիթրի Փեքով տեղեկացուցած է, որ Ասատի եւ Փութինի միջեւ բանակցութիւնները տեւած են <<բաւական երկար>> ու Փութինին ներկայացուած է Սուրիոյ ներկայ իրավիճակն ու ապագայ ծրագիրները:
Ասատի երթուղին քննարկումներու տեղի տուած է թրքական լրատուամիջոցներուն մէջ: Մասնաւորապէս <<Հիւրրիյէ>>չ թերթը ընդգծած է, որ այցի մասին Քրեմլին տեղեկութիւն տարածած է Ասատի Սուրիա վերադարձէն ետք միայն եւ ներկայացուցած է հնարաւոր երեք տարբերակ Սուրիոյ նախագահի երթուղիին մասին, որոնք են՝
– Սուրիա-Իրաք-Իրան-Հայաստան-Վրաստան-Ռուսիա.
– Սուրիա-Իրաք-Իրան-Միջին Ասիա-Ռուսիա.
– Միջերկրական ծով-եւրոպական երկիրներ-Սեւ ծով-Ռուսիա:
Ասատի Մոսկուա այցէն անմիջապէս ետք Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան հեռաձայնած է Փութինին, հանդիպման մանրամասնութիւններուն ծանօթանալու համար:
Էրտողան նաեւ փոխանցած է սուրիական ճգնաժամին վերաբերեալ իր մտահոգութիւնները, մասնաւորապէս նշելով, որ Հալէպի եւ շրջակայքին վրայ կատարուող յարձակումները կրնան գաղթականներու նոր ալիք մը յառաջացնել:
Մինչ այդ, Բրիտանիոյ արտաքին գործոց նախարար Ֆիլիփ Հեմընտ նշեց, որ Սուրիոյ մէջ քաղաքական փոխանցման հանգրուանը պէտք է ներառէ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի իշխանութենէն հեռացումը: Ան նաեւ նշեց, որ Սուրիոյ մէջ ապահովական գօտիներու ստեղծումը <<ոչ գործնական>> լուծում մըն է:
Նաեւ, Թուրքիոյ կառավարութենէն բարձրաստիճան պաշտօնատարներ յայտնած են, որ Թուրքիա պատրաստ է ընդունելու Սուրիոյ մէջ Ասատի խորհրդանշական իշխանութեան տակ փոխանցման վեցամսեայ հանգրուան մը՝ նախքան անոր իշխանութենէն հեռացումը:
Միւս կողմէ, թրքական լրատուամիջոցներ հաղորդեցին, որ Սուրիոյ սահմանակից Ալեքսանտրեթ նահանգին մէջ Հոկտեմբեր 20ին ջախջախուած է անօդաչու օդանաւ մը: Աւելի ուշ հաղորդուեցաւ, որ խանգարումի պատճառով էջք կատարած սարքը կը պատկանի Միացեալ Նահանգներուն:
Յիշեցնենք, որ Հոկտեմբեր 16ին թրքական բանակը Սուրիոյ հետ սահմանին վրայ վար առած էր անօդաչու այլ օդանաւ մը:

 

 



comments

Advertisement