Թուրքիա «Իսլամական Պետութեան» քիմիական զէնք տրամադրած է. Ընդդիմադիր պատգամաւորներ

By Asbarez | Friday, 23 October 2015

1023chp

ԵՐԵՒԱՆ, <<Էրմենիհապեր>> -  Թուրքիոյ գլխաւոր ընդդիմադիր, քեմալական Հանրապետական ժողովրդային կուսակցութեան անդամ պատգամաւորներ յայտարարած են, թէ Թուրքիա <<Իսլամական պետութիւն>> ահաբեկչական կազմակերպութեան քիմիական զէնք տրամադրած է:


Թրքական <<Հապերսօլ>> լրատուակաան կայքը կը գրէ, որ նշեալ կուսակցութեան պատգամաւորներ Էրեն Էրտեմ եւ Ալի Շեքեր այդ նիւթով մամլոյ ասուլիս մը հրաւիրած են եւ ընթացքին նշած են, որ քիմիական զէնքի արտադրութեան համար անհրաժեշտ քիմիական բաղադրիչներ Սուրիա ղրկուած են՝ Թուրքիայէն, Սուրիոյ նախագահին դէմ պայքարին աւելի արագ յաջողութիւնը ապահովելու նպատակով։

Շեքեր տեղեկացուցած է նաեւ, որ այս գծով Ատանայի հանրապետական դատախազութիւնը հետաքննութեան մը սկսած է:

 


comments

Advertisement