By Asbarez | Friday, 23 October 2015

ԹԵՀՐԱՆ, <<Ռոյթըրզ>> - Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետ այաթոլլա Ալի Խամենէի վաւերացուց Իրանի հիւլէական թղթածրարին շուրջ Վեցեակին հետ գոյացած համաձայնագիրը՝ ցուցմունք տալով իշխանութիւններուն, որ սկսին անոր գործադրութեան:
Խամենէի նաեւ զգուշացուց. <<Բանակցութեանց մասնակից ուժերուն կողմէ նոր պատժամիջոցներու հաստատումը կը հակասէ հիւլէական թղթածրարին շուրջ համաձայնութեան, եւ (Իրանի) կառավարութիւնը պէտք է անոր գործադրութիւնը կասեցնէ, եթէ այդպիսի բան պատահի։ Պատժամիջոցներուն վրայ հիմնուած որեւէ յայտարարութիւն համաձայնութեան հակասում կը նշանակէ>>:
<<Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա եւ Եւրոպական Միութիւնը պէտք է ներկայացնեն գրաւոր երաշխիք՝ բոլոր պատժամիջոցներու ջնջման վերաբերեալ>>, աւելցուց Խամենէի։
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ