Երկիր եւ Մշակոյթ կազմակերպութիւնը կը վերակառուցէ 7րդ դարու Լորի Վանքը

By Asbarez | Saturday, 24 October 2015

1020landandculture

2015ի ամառը յատկանշուեցաւ շատ յաջող առաքելութեամբ մը, որ իրականացաւ <<Երկիր եւ Մշակոյ>>չ կազմակերպութեան նախաձեռնութեամբ: Սոյն կազմակերպութիւնը աւարտեց նոր ծրագիր մը՝ վերականգնելով եւ պահպանելով 7րդ դարու վանքը Շիրակամուտ գիւղին մէջ, որ կը գտնուի Լորիի շրջանի հիւսիսը:


Այս վանքը կը գտնուէր 1988ի Սպիտակի մեծ երկրաշարժի կեդրոնը: <<Երկիր եւ Մշակոյ>>չը տօնախմբեց աւարտը եւ օծումը Չիչխանավանքի՝ պատմական այն վայրին, որ փակ վիճակի մէջ էր եւ բլուրի տակ անհետացած, երկար տարիներէ ի վեր:

<<Երկիր եւ Մշակոյ>>չի այս ծրագիրը սկսաւ 2008ին եւ աւարտեցաւ այս տարի, Ֆրանսայի <<Երկիր եւ Մշակոյ>>չի կամաւորներուն ջանքերով: Վերակառուցուած եկեղեցին վերակոչուեցաւ Ս. Խաչ, օրհնուեցաւ Օգոստոս 22, 2015ին, Գուգարաց թեմի առաջնորդ Սեպուհ արք. Չուլճեանի ձեռամբ:
Արարողութեան ներկայ էին Եւրոպայի եւ Ամերիկայի վարչութեան անդամներ Գեղամ Քեւոնեան եւ տոքթ. Արամ Ղազարեան՝ Ֆրանսայէն, Հայկ եւ Հիլտա Մանճիկեան եւ Նազարէթ Գեւոնեան՝ Ամերիկայէն, ծրագիրի ճարտարապետ Ստեփան Նալպանտեան՝ Հայաստանէն, եւ անշուշտ ներկայ էին բազմաթիւ կամաւորներ ու անդամներ Ամերիկայէն եւ Եւրոպայէն:

Armenian Tree Project-ի անդամներ Լուսին Քասարճեան եւ Արթիւր Յարութիւնեան Հայաստանի գրասենեակէն բերին իրենց կարեւոր մասնակցութիւնը՝ տնկելով ծառեր եկեղեցւոյ շուրջ:

Ներկայ էին աւելի քան երկու հարիւր հիւրեր, որոնց շարքին՝ Լորիի շրջանի մարզպետ Արթուր Նալպանտեան, շրջանի գիւղերու գիւղապետներ եւ Շիրակամուտի տեղացի ժողովուրդը: Շատ գեղեցիկ, յուզիչ եւ հպարտառիթ երեւոյթ էր բոլոր ներկաներուն համար (կամաւորներ եւ տեղացի վարպետներ), որոնք վայելեցին երկար տարիներու իրենց աշխատանքի բերկրանքը:

Ս. Խաչի վերակառուցման աշխատանքներուն զուգահեռ, Ամերիկայի <<Երկիր եւ Մշակոյ>>չ կազմակերպութիւնը կը շարունակէ ուրիշ ծրագիր մը՝ Հայաստանի հարաւը: Այս տարուան աշխատանքները ի մի բերին ԱՄՆէն եւ Աւստրալիայէն 11 կամաւորներ, որոնք երեք շաբաթ աշխատեցան Սիւնիքի 17րդ դարու պատմական յուշարձան-եկեղեցւոյ վրայ: Շիկահող այս եկեղեցւոյ վերականգնման աշխատանքը երրորդ տարին ըլլալով կը շարունակուի. այս վայրը կը գտնուի Ղաբանէն շուրջ 30 քիլիոմեթր հեռաւորութեան վրայ, դէպի հարաւ:

<<Անհաւատալիօրէն յուզիչ եւ հատուցուած աշխատանքի այս վայրին մէջ ամէն տեսակ աշխատանք կատարեցինք՝ եկեղեցւոյ մուտքը մաքրել, տանիքը նորոգել, վերկանգնել խորանը եւ այլն>>, կ՛ըսէ կամաւոր մը:

Ամէնօրեայ հինգ ժամ աշխատանքը ֆիզիքական ծանր գործ էր, որ մէկ մասն է միայն <<Երկիր եւ Մշակոյ>>չի փորձառութեան: Կամաւորները կ՛ապրէին գիւղի շատ համեստ պայմաններուն մէջ եւ իրենց ոչ-աշխատանքային ժամերուն կը մտերմանային գիւղացիներուն հետ՝ մասնակցելով գիւղական պարզ եւ կայտառ գործօն կեանքին:

<<Մենք կը խաղայինք ոտնագնդակ եւ տեղացիներուն հետ կը լողայինք մօտակայ գետին մէջ, կը հրաւիրուէինք շատ տուներ թէյ խմելու, բարեկամացանք պատերազմի վեթերաններու հետ, որոնք կը պատմէին իրական դրուագներ՝ Արցախեան պատերազմէն. անոնք ցոյց կու տային իրենց ստացած սպիները>>, կ՛ըսէ կամաւոր Լորի Փոկարեան, ու կ՛աւելցնէ. <<Մեր նախընտրելի վայրը գիւղական <<discotec>>ն էր, որ պարզ դպրոցի սենեակ մըն էր, ուր տեղացի 20 երեխաներ կը պարէին ամէն երեկոյ>>:

Տեղական կեանքի փորձառութենէն բացի, կամաւորները կը մեկնէին Հայաստանի տարբեր գեղատիպ եւ պատմական վայրեր:

Աւելի քան 39 տարիէ ի վեր, <<Երկիր եւ Մշակոյ>>չը Սփիւռքի առաջին կամաւորական խումբն էր, որ Հայաստանի եւ Արցախի մէջ աշխատելով՝ կը վերականգնէր, կը պահպանէր եւ նոր կեանք կու տար պատմական յուշարձաններուն, մեր երկրի տարածքին: Անոր անդամները իրենց առաքելութիւնը իրագործեցին՝ ամառնային արշաւներ իրականացնելով թէ՛ Սփիւռքի եւ թէ Հայաստանի մէջ. ամէն տարիքի կամաւորներ աշխատեցան, որպէսզի յաջողի այս մեծ ծրագիրը տարիներու ընթացքին:

Յաւելեալ տեղեկութիւններ ունենալու կամ մասնակցելու համար <<Երկիր եւ Մշակոյ>>չի ամառնային կամաւորական ծրագիրներուն, այցելել www.lcousa.org եւ terreetculture.org կայքերը:

 


comments

Advertisement