Ահաբեկչութեան վերջ տալէն ետք՝ Ասատ նախագահական կանխահաս ընտրութեանց կրնայ դիմել

By Asbarez | Tuesday, 27 October 2015

ՄՈՍԿՈՒԱ, <<Իթար-Թասս>> -  Ռուս երեսփոխան Ալեքսանտր Եուշենքօ յայտնեց, որ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ պատրաստակամութիւն յայտնած է Սուրիոյ մէջ կանխահաս ընտրութիւններ կազմակերպելու եւ անոնց մասնակցելու, սակայն՝ միայն ահաբեկչութեան վերջ տալէ ետք: Եուշենքօ մաս կը կազմէր Սերկէյ Կաւրիլովի գլխաւորութեամբ Ասատի հետ հանդիպում ունեցած խորհրդարանական պատուիրակութեան մը:


Իր կարգին, Սուրիոյ <<Սանա>> լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Ասատ հանդիպումին ընթացքին յայտնած է, թէ ահաբեկչութեան վերջ տալը պիտի առաջնորդէ քաղաքական լուծումի, որուն կը ձգտին Սուրիան եւ Ռուսիան, եւ որ կը գոհացնէ սուրիացի ժողովուրդը ու կը պահպանէ Սուրիոյ գերիշխանութիւնը, անկախութիւնն ու հողային ամբողջականութիւնը: Կաւրիլով <<Մայատին>> պատկերասփիւռի կայանին յայտնեց, որ Ասատ պատրաստ է Սուրիոյ մէջ քաղաքական նոր հոլովոյթի մը սկսելու:


Սուրիոյ հարցով ՄԱԿի յատուկ պատուիրակ Սթեֆան տը Միսթուրա Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Լորան Ֆապիւսի հետ իր հանդիպումէն ետք յայտարարեց, որ Սուրիոյ մէջ ընտրութիւնները կրնան տեղի ունենալ յառաջիկայ տարուան ընթացքին:


Միւս կողմէ, Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը հաղորդեց, որ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով Կիրակի օր հեռաձայնային զրոյց մը ունեցած է ամերիկացի իր պաշտօնակից Ճան Քերիի հետ եւ քննարկած սուրիական հակամարտութեան լուծման կարելիութիւնները:


Մինչ այդ, <<ՌԻԱ Նովոսթի>> կը հաղորդէ, որ Լաւրով եւ Իրանի արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ Ճաւատ Զարիֆ քննարկած են Միջին Արեւելքի մէջ զարգացումները եւ համաձայնած ընդարձակել յատկապէս Սուրիոյ մէջ կայունութեան հաստատման նպատակով համագործակցութիւնը: Լաւրով իրանցի իր պաշտօնակիցին ներկայացուցած է անցեալ շաբաթ Վիեննայի մէջ Միացեալ Նահանգներու, Ռուսիոյ, Սէուտական Արաբիոյ եւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարներուն մասնակցութեամբ՝ Սուրիոյ հակամարտութեան նուիրուած քառակողմ հանդիպման արդիւնքները:


Նշենք, որ քառակողմ հանդիպումին աւարտին, Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարար Ատել Ճուպէյր յայտնած էր, որ Ասատի իշխանութենէն հեռացման ժամկէտին շուրջ համաձայնութիւն գոյութիւն չունի, իսկ իր երկիրը կառչած կը մնայ <<Ժընեւ 1>> համաձայնութեան:


Իր կարգին, Լաւրով յայտնեց. <<Մեր գործընկերներուն մօտ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի ճակատագիրին վերաբերեալ վերապահութիւններ գոյութիւն ունին, իսկ մենք կ՛ըսենք, որ Ասատի ճակատագիրը կը ճշդէ անոր ժողովուրդը։ Կ՛ուզենք սուրիական տագնապի լուծումը եւ պետութեան տարածքային ամբողջականութեան պահպանումը ապահովել>>: Ան նաեւ ընդգծեց, որ խմբակը պէտք է ընդլայնուի եւ անոր միանան Եգիպտոսն ու Իրանը:


Իսկ Քերի յայտնեց, որ Վիեննայի հանդիպումը <<արդիւնաւէտ եւ շինիչ էր>>՝ նշելով, որ ներկայացուած են կարգ մը գաղափարներ, <<որոնք Սուրիոյ մէջ կացութիւնը կրնան փոխել>>։


Վերջապէս, Իրանի խորհրդարանի նախագահ Ալի Լարիճանի յայտարարեց, որ Սուրիոյ մասնատումը պիտի ըլլայ ահաբեկիչներուն համար ձեռնտու սխալ մը, ինչ որ կրնայ տարածաշրջանի միւս երկիրներուն մէջ ահաբեկիչները աւելի աշխուժացնել։ Ան նաեւ պնդեց, որ Սուրիոյ մէջ Ռուսիոյ գործողութիւնները շատ աւելի արդիւնաւէտ են, քան՝ Միացեալ Նահանգներու գլխաւորած միջազգային դաշինքի գործողութիւնները: Լարիճանի ապա նշեց, որ արեւմտեան երկիրները կը շարունակեն աչք փակել քարիւղի անօրինական առեւտուրին առջեւ:


comments