By Asbarez | Tuesday, 27 October 2015
ԱՆԳԱՐԱ, <<Անատոլու>> - Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան քրտական Ժողովրդավարական միութիւն կուսակցութիւնը ամբաստանեց հիւսիսային Սուրիոյ տիրել փորձելու յանցանքով՝ շեշտելով, որ <<որեւէ պարագայի կարելի չէ արտօնել, որ հիւսիսային Սուրիան անոնց ծրագիրներուն զոհը դառնայ>>, որովհետեւ այդ մէկը Թուրքիոյ ուղղուած սպառնալիք մըն է: <<Անկարելի է, որ Թուրքիա նման բան ընդունի>>, ըսաւ Էրտողան: Թուրքիոյ նախագահը նաեւ յայտնեց. <<Անիմաստ է Ժողովրդավարական միութիւն կուսակցութեան մէջ ահաբեկչական Քրտական բանուորական կուսակցութեան 1400 զինեալներու ներկայութեան դիմաց աչք խփելը, սակայն դժբախտաբար կարգ մը երկիրներ, որոնք իրենք զիրենք իբրեւ Թուրքիոյ բարեկամ ցոյց կու տան, ճիշդ ա՛յդ կ՛ընեն եւ կուսակցութեան զէնք կը տրամադրեն, իսկ մենք շատ լաւ գիտենք, թէ այդ զէնքերը ո՛ր երկիրներուն կը պատկանին>>:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ