Մերքելի Օսմանեան գահը

By Asbarez | Tuesday, 27 October 2015

1022merkel

ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա>> -  Թրքական մամուլը առատ մելան հոսեցուց Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքելի Թուրքիա այցելութեան եւ այդ այցելութեան ներքին ծալքերուն մասին, որոնք կը կեդրոնանային գլխաւորաբար սուրիացի գաղթականներու հարցով կատարուած սակարկութիւններու վրայ։ Մերքելի այցելութեան առընչակից ուրիշ լուր մը եւս հեգնանքի արձագանգներու տեղի տուած է մամուլի ու ընկերային ցանցերու մէջ։ Պատճառը այն է, որ նախագահ Էրտողանի հետ հանդիպման ընթացքին Մերքել բազմած էր Օսմանեան կայսրութեան ժամանակաշրջանէն գահի մը վրայ։ Ընկերային ցանցեր բուռն քննարկումներ կը կատարեն այս մասին, ծաղր ու ծանակի ենթարկելով այս պատկերը։ Բաղդատութեան համար տարածուած են Մերքելի այլ՝ աւելի համեստ կահոյքով լուսանկարներ, այլ առաջնորդներու հանդիպումներէ։


Նախագահական պալատը պաշտօնական յայտարարութիւն մը հրապարակեց այս մասին՝ նշելով, որ Մերքելը գահի վրայ բազմեցնելը ունեցած է «մշակութային ժառանգութեան տէր կանգնելու>> նպատակ։


comments

Advertisement