By Asbarez | Thursday, 29 October 2015
ԵՐԵՒԱՆ, <<Ազատութիւն>> - ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակի համանախագահներն եւ ԵԱՀԿի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչը Հոկտեմբեր 28ին Պաքուի մէջ ընդունած Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ շարք մը մեղադրանքներ հնչեցուցած է Միացեալ Նահանգները, Ռուսիան եւ Ֆրանսան ներկայացնող դիւանագէտներու հասցէին:
Միջնորդները Ատրպէյճան մեկնած էին Ստեփանակերտէն: Յիշեցնենք, որ շփման գիծին վրայ դիտարկումի աւարտին տեղի ունեցած էր հրազէններէ գնդակոծութիւն: Մինչ ԵԱՀԿի մասնագէտները չեն շտապեր գնահատական տալու միջադէպին եւ մատնացոյց ընելու մեղաւորները, կողմերը զիրար կը մեղադրեն:
Ուշագրաւ է այն, որ Պաքուն առաջին անգամ ծաւալուն հաղորդագրութեամբ մը մանրամասնութիւններ ներկայացուցած է Ալիեւի եւ միջնորդներուն միջեւ տեղի ունեցած բանակցութիւններուն վերաբերեալ: Այդ հաղորդագրութենէն դատելով՝ միջնորդները բացառապէս լսողի դերին մէջ եղած են, իսկ նախագահը որոշած է ելոյթով հանդէս գալ եւ դատապարտել ոչ միայն հայկական կողմը, այլեւ՝ միջնորդները:
<<Հայաստանի իշխանութեան սադրանքները վերջ չունին>> ըսելով՝ իր ելոյթին սկսած է Ալիեւ, իբրեւ ապացոյց նշելով անցեալ տարի Փարիզի մէջ իր եւ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի հանդիպումէն երկու շաբաթ անց՝ Արցախի մէջ կայացած զօրավարժութիւնները:
Ըստ Ալիեւի՝ այդ փորձերուն ընթացքին հայկական զինուած ուժերու ուղղաթիռները սպառնացած են ատրպէյճանական դիրքերուն, մինչ Պաքու նախընտրած է օրեր շարունակ լռել՝ անպատասխան ձգելով հայկական կողմի գործողութիւնները:
<<Ատրպէյճան պատասխանած է միայն օրեր անց, երբ այդ ուղղաթիռները կը փորձէին կրակ բանալ ատրպէյճանական դիրքերուն վրայ>>, պնդած է Ալիեւ, աւելցնելով, որ հայկական կողմի <<սադրանք>>ներուն շարքին կը դասուի նաեւ, <<բռնապետ Սերժ Սարգսեանի այն յայտարարութիւնը, թէ Լեռնային Ղարաբաղը Հայաստանի մէկ մասն է>>:
<<Դժբախտաբար, այս եւս անպատասխան մնաց միջնորդներուն կողմէ>>, արձանագրած է Ալիեւ, աւելցնելով, որ Հայաստան, ըլլալով <<տարածաշրջանին համար վտանգ ներկայացնող երկիր>>՝ Ատրպէյճանի սահմանամերձ գիւղերուն վրայ կը կրակէ նոյնիսկ հարսանիքներու ընթացքին:
<<Միջազգային հանրութիւնը, մասնաւորապէս միջնորդները, բաւարար ձեւով չարձագանգեցին հայկական կրակոցներուն, եւ այդ ամէնը, Ատրպէյճանի համաձայն՝ ստուեր կը նետէ միջնորդական առաքելութեան վրայ>>, ըսած է Ալիեւ:
Յայտնի չէ, թէ միջնորդները իրենց ուղղուած մեղադրանքներուն ինչպէ՛ս պատասխանած են: Յայտնի է միայն, որ Ալիեւի ելոյթէն ետք միտքեր փոխանակուած են բանակցութիւններու ներկայի ընթացքին եւ հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացին վերաբերեալ:
Նշենք նաեւ, որ համանախագահներուն հետ հանդիպած <<Լեռնային Ղարաբաղի ատրպէյճանական համայնք>> կոչուած հասարակական միաւորման ներկայացուցիչները եւս իրենց դժգոհութիւնը յայտնած են միջնորդներու գործունէութենէն եւ ափսոսանք յայտնած են, որ Մինսկի խմբակի տարիներու աշխատանքը արդիւնք չէ տուած: Նշեալ միաւորման նախագահ Պայրամ Սաֆարով յոյս յայտնած է, որ համանախագահները <<կը վերականգնեն արդարութիւնը, եւ ատրպէյճանցիները վերջապէս կը վերադառնան իրենց տուները>>:
<<Երբեմն ձեր յայտարարութիւններէն կարելի է դատել, որ դուք հայերուն պէս կը մտածէք>>, ըսած է փախստականներու միաւորման մէկ այլ ներկայացուցիչ՝ պատգամաւոր Էլման Մամետով:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ