By Asbarez | Thursday, 29 October 2015
ԵՐԵՒԱՆ, <<Նիուզ>> - Պաքու այցելութեան ընթացքին, ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակի ռուս համանախագահ Իկոր Փոփով յայտարարած է, թէ համանախագահները յոյս ունին, որ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահները շուտով կը հանդիպին:
Ըստ ատրպէյճանական <<Էյ.Փի.Էյ.>> լրատու գործակալութեան՝ համանախագահները Հոկտեմբեր 28ին հանդիպած են ղարաբաղեան հակամարտութեան փախստականներուն հետ: Փոփով նշած է, որ հանդիպումը շատ արդիւնաւէտ եղած է: <<Այսօր կ՛աւարտի տարածաշրջան կատարած մեր այցը: Հայաստանի մէջ մենք քննարկեցինք քաղաքական գործընթացները, շփման գիծին վրայ լարուածութեան աճը եւ մարդասիրական համագործակցութեան ձեւաւորման հարցերը>>, ըսած է Փոփով:
Իր կարգին, ամերիկացի համանախագահ Ճէյմզ Ուորլիք նշած է, որ քանի դեռ փախստականներու խնդիրը չէ լուծուած, եւ այնքան ատեն, որ անոնք չեն վերադարձած իրենց տուները, համակողմանի լուծում մը անհնար պիտի ըլլայ:
Ֆրանսացի համանախագահ Փիեռ Անտրէ իր կարգին նշած է, որ համանախագահները կը քննեն հակամարտութեան կարգաւորման հարցին մէջ փախստականներու գործօնին նշանակութիւնը: <<Մենք միշտ բարձրացուցած ենք Ղարաբաղի պատերազմին ընթացքին զոհուածներու թիւն ու ինքնութիւնը պարզելու կարեւորութիւնը: Այդ գործընթացը կ՛ընթանայ թէ՛ Ատրպէյճանի եւ թէ Հայաստանի մէջ>>, նշած է ան:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ