Իրաք դատ կը բանայ Թուրքիոյ դէմ՝ Հիւսիսային Իրաքի քարիւղը Իսրայէլ արտածելուն համար

By Asbarez | Friday, 30 October 2015

1030oil

ՓԱՐԻԶ, <<Ա.Էֆ.Փէ.>> - Փարիզի Միջազգային իրաւարար դատարանին մէջ Իրաք դատ բացաւ Թուրքիոյ դէմ՝ հիւսիսային Իրաքի քարիւղը ապօրինի միջոցներով Իսրայէլ արտածելուն համար, միաժամանակ՝ մէկ միլիառ տոլարի փոխհատուցում պահանջելով:

Հիւսիսային Իրաքէն քարիւղը Թուրքիոյ ճամբով միջազգային շուկայ արտածելը կը շարունակուի, եւ ըստ Թուրքիոյ ուժանիւթի նախարարութենէն աղբիւրի մը՝ նշեալ քարիւղը հիմնականին մէջ կ՛երթայ Իսրայէլ:

Նշեալ անանուն աղբիւրը յայտնած է, որ Իրաքի կեդրոնական կառավարութիւնը այս հարցով դիմած է Փարիզի մէջ Միջազգային իրաւարար դատարան, որովհետեւ հիւսիսային Իրաքի քարիւղի Իրաք-Թուրքիա խողովակաշարով փոխադրումը կը հակասէ երկու երկիրներուն միջեւ կնքուած համաձայնութեան:

Աղբիւրը աւելցուցած է, որ դատը կորսնցնելու պարագային՝ Թուրքիա մէկ միլիառ տոլարի փոխհատուցում պիտի վճարէ:

Նշենք, որ թրքական <<Պոթաշ>> ընկերութիւնը 2014էն 2015, Ճէյհանի խողովակաշարին ճամբով 82 միլիոն տակառ քարիւղ փոխադրած է:

 

 



comments

Advertisement