By Asbarez | Friday, 30 October 2015
ՄՈՍԿՈՒԱ - <<ՌԻԱ Նովոսթի>> կը հաղորդէ, որ Ատրպէյճանի տնտեսութեան եւ արդիւնաբերութեան փոխնախարար Սեւինճ Հասանովա հաւանական կը նկատէ Ատրպէյճանի անդամակցութիւնը Եւրասիական տնտեսական միութեան, սակայն դիտել կու տայ, որ նախ անհրաժեշտ է վերլուծել նման քայլի մը բոլոր կողմերը:
<<Մենք հաւանական կը համարենք մասնակցութիւնը միութիւններու, որոնք օգուտ պիտի բերեն Ատրպէյճանին: Անոր համար ալ հարկ է վերլուծման ենթարկել այդ կազմակերպութիւններուն մասնակցութեան բոլոր առաւելութիւններն ու ժխտական կողմերը, որպէսզի մանրակրկիտ գնահատական տանք նման մասնակցութեան>>, ըսած է ան:
<<Սփութնիք>> լրատու գործակալութիւնը նախապէս հաղորդած էր, որ Ատրպէյճանի Եւրասիական տնտեսական միութեան անդամակցութիւնը չէր բացառած նաեւ այդ երկրի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարով: Ան Նիւ Եորքի մէջ ըսած էր, որ իր երկիրը դէմ չէ Եւրասիական տնտեսական միութեան անդամակցութեան, եւ այժմ զբաղած է այդ միութեան անդամ պետութիւններուն հետ <<երկկողմանի բազմաթիւ յարաբերութիւններ ստեղծելով>>:
Ղազախստանի նախագահ Նուրսուլթան Նազարպայեւ նախապէս յայտարարած էր, որ Ատրպէյճան, Իրան, Հնդկաստան եւ Մոնկոլիա կ՛ուսումնասիրեն Եւրասիական տնտեսական միութեան հետ համագործակցելու կարելիութիւնները, իսկ Թուրքիա փափաք յայտնած է առեւտրական համաձայնագիրներ կնքելու այդ միութեան հետ:
Նշեալ միութեան անդամ են Ռուսիա, Հայաստան, Պելոռուս, Ղազախստան եւ Ղրղզստան:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ