Վիեննայի խորհրդաժողովէն ետք Սուրիոյ տագնապը լուծելու կարելիութիւն գոյութիւն ունի. Շթայնմայեր

By Asbarez | Tuesday, 03 November 2015

ՊԵՐԼԻՆ, <<Ռոյթըրզ>> -  Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարար Ֆրանք Վալթեր Շթայնմայեր գերմանական թերթի մը հետ ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին յայտնեց. <<Վիեննայի խորհրդաժողովէն ետք սուրիական տագնապին լուծում մը գտնելու կարելիութիւնը գոյութիւն ունի: Այժմ, առաջին անգամ ըլլալով, Սուրիոյ քաղաքացիները կրնան յուսալ, որ կրնան մօտիկ ապագային դարձեալ իրենց հայրենիքին մէջ ապահով ապրիլ: Այդ մէկը տակաւին աւելի մաղթանք է, քան՝ իրականութիւն, սակայն Վիեննայի մէջ առաջին քայլը առնուեցաւ>>:


Սուրիոյ հարցով ՄԱԿի յատուկ պատուիրակ Սթեֆան տը Միսթուրա Նոյեմբեր 1ին Դամասկոսի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար Ուալիտ Մուալլեմի հետ: Վերջինս հանդիպումէն ետք զարմանք յայտնեց, որ Վիեննայի ժողովին հաղորդագրութեամբ՝ <<ահաբեկչութեան աջակցութեամբ ծանօթ երկիրներուն չի պարտադրուիր կատարել ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդին որոշումները՝ առնչուած ահաբեկչութեան դէմ պայքարին, որպէսզի ահաբեկչութեան դէմ պայքարի ջանքերը ազդու դառնան եւ որեւէ զինադադարի մասին խօսիլը անօգուտ չըլլայ>>: Ան վերահաստատեց, որ իր երկիրը պատրաստ է ՄԱԿին հետ գործակցելու:


Իրանի արտաքին գործոց նախարարի օգնական Հիւսէյն Ամիր Ապտելլահեան հերքեց այն, թէ իր երկիրը Վիեննայի մէջ Սուրիոյ քաղաքական ապագային վերաբերեալ որեւէ գաղտնի համաձայնութիւն գոյացուցած է: <<Ո՛չ մէկ երկիր՝ ո՛չ Թուրքիան, ո՛չ Ամերիկան, ո՛չ Սէուտական Արաբիան, ո՛չ ալ Իրանը կրնայ սուրիացի ժողովուրդի իրաւունքին նկատմամբ իր կարծիքը յայտնել: Միայն սուրիացի ժողովուրդն է, որ կրնայ իր ճակատագիրը ճշդել>>:


Բրիտանիոյ արտաքին գործոց նախարար Ֆիլիփ Համընտ յայտնեց, որ Վիեննայի ժողովը <<կարգ մը հարցերու մէջ յաջողութիւն արձանագրեց։ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի իշխանութենէն հեռացման հարցը այն հարցերէն է, որուն շուրջ համաձայնութիւն չգոյացաւ>>:


Նշենք, որ Հոկտեմբեր 30ին, Վիեննայի մէջ տեղի ունեցած ընդլայնուած ժողովին մասնակից երկիրները ՄԱԿէն խնդրեցին սուրիական ղեկավարութեամբ քաղաքական հոլովոյթ մը կազմակերպել։ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճան Քերի, ժողովին աւարտին յայտնեց. <<Ասիկա նոր հանգրուան մըն է, եւ մենք բոլորս համոզուած ենք, որ պէտք է իսկական բանակցութեանց վերադառնալ>>: Քերի նշեց, որ Ռուսիոյ եւ Իրանի հետ տարակարծիք մնացած են՝ Ասատի ճակատագիրին վերաբերեալ, եւ աւելցուց. <<Ասատ չի կրնար իշխանութեան վրայ մնալ, սակայն լուծումի հասնելու համար, կարիքն ունինք երկխօսութեան>>: Քերիի ռուս պաշտօնակիցը՝ Սերկէյ Լաւրով, իր կարգին նշեց. <<Կ՛ուզենք ահաբեկչութեան դէմ պայքարը շարունակել եւ այլ խմբաւորումներ եւս ներառել ահաբեկչութեան ցանկին վրայ։ Համաձայնեցանք պահպանել Սուրիոյ հողային ամբողջականութիւնը, իսկ ամէնէն կարեւոր համաձայնութիւնը այն էր, որ այս խմբակը Սուրիոյ կառավարութեան եւ ընդդիմութեան կոչ ուղղեց քաղաքական հոլովոյթի սկսելու>>:


comments

Advertisement