By Asbarez | Tuesday, 03 November 2015

ԱՆԳԱՐԱ, ՊՈԼԻՍ, <<Ռոյթըրզ>>, <<Մարմարա>> - Թուրքիոյ մէջ Նոյեմբեր 1ին տեղի ունեցած խորհրդարանական ընտրութիւններու արդիւնքներուն հիմամբ, իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութիւնը վերատիրացաւ Թուրքիոյ խորհրդարանի աթոռներու մեծամասնութեան՝ ապահովելով քուէներուն 49.6 առ հարիւրը, կամ՝ 317 աթոռ։ Իշխող կուսակցութիւնը Յունիս 7ին ապահոված էր 258 աթոռ։
Արտակարգ ընտրութիւններուն ընթացքին, գլխաւոր ընդդիմադիր՝ Հանրապետական ժողովրդային կուսակցութիւնը ստացած է քուէներուն 25.4 առ հարիւրը (134 աթոռ՝ նախորդ ընտրութեանց 132 աթոռին փոխարէն), իսկ քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութիւնը ապահոված է քուէներուն 10.76 առ հարիւրը միայն (59 աթոռ՝ նախորդին ապահոված 80 աթոռին փոխարէն), իսկ Ազգայնական շարժում կուսակցութիւնը՝ 11.34 առ հարիւր (41 աթոռ՝ նախորդի 80 աթոռին փոխարէն):
Իշխող կուսակցութեան ապահոված աթոռներուն թիւը անոր չ՛արտօներ սահմանադրական փոփոխութիւններ կատարել, որուն համար հարկաւոր է խորհրդարանի աթոռներուն երկու երրորդը:
Քուէարկութեան մասնակցութեան համեմատութիւնը 81.72 տոկոս էր:
Մինչ Թուրքիոյ վարչապետ Ահմետ Տաւութօղլու յաղթանակը <<ժողովուրդին եւ ժողովրդավարութեան յաղթանակը>> որակեց, Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան համանախագահ Սալահետտին Տեմիրթաշ յայտարարեց, թէ ընտրութիւնները արդար չէին:
Նշենք, որ ոստիկանութիւնը Քոճալիի մէջ արցունքաբեր կազ օգտագործեց՝ ցրուելու համար իշխող եւ քրտամէտ կուսակցութեանց համակիրներուն միջեւ բախում մը: Կռիւը ծագած էր, երբ իշխող կուսակցութեան ներկայացուցիչ մը պատռած էր 80ամեայ պառաւի մը քուէաթղթիկը, որովհետեւ անոր ազգականները կ՛օգնէին անոր:
Երեսփոխաններու թիւի տեսակէտով՝ Տեւլեթ Պահչելիի Ազգայնական շարժում կուսակցութիւնը դարձաւ չորրորդ կուսակցութիւնը, եւ նոյն գիշեր տարաձայնութիւններ շրջեցան այն մասին, թէ Պահչելի հրաժարած է կուսակցապետի իր պաշտօնէն, բայց աւելի ուշ լուրը հերքուեցաւ։
Իշխող կուսակցութիւնը միահեծան իշխանութեան գլուխ բերած այս ընտրութիւնները նուազեցուցին քրտամէտ կուսակցութեան երեսփոխաններու թիւը, նոյնիսկ կասկած կար, թէ կուսակցութիւնը պիտի չկարենար անցնիլ նուազագոյն քուէի պատնէշը՝ 10 առ հարիւրը։ Տեմիրթաշ շեշտեց, թէ ընտրութիւնները կատարուած էին անհաւասար պայմաններու մէջ եւ թէ իր կուսակցութիւնը հանրահաւաքներ չէր կազմակերպած, իսկ կուսակցութեան դէմ թշնամութեան մթնոլորտ ստեղծուած էր։
Ընդդիմադիր շրջանակները արդիւնքը կը վերագրեն իշխող կուսակցութեան ստեղծած վախի մթնոլորտին։ Անոնք կը պնդեն, թէ ժողովուրդը վախցաւ կատարուած սպառնալիքներէն եւ քուէարկեց իշխող կուսակցութեան ի նպաստ։
Ընտրութիւններու արդիւնքը զարմանք պատճառեց նաեւ արեւմտեան մամուլին։ <<Էյ.Փի.>> գործակալութիւնը գրեց, որ Էրտողանի խաղացած բախտախաղը լաւ արդիւնք տուաւ, իսկ <<Ուոլ Սթրիթ Ճըրնըլ>>ը արդիւնքը դիմաւորեց որպէս շատ մեծ անակնկալ։ <<Նիւ Եորք Թայմզ>> գրեց, որ թէեւ այս արդիւնքը պիտի չբաւէ, որ Էրտողան գոհացնէ իր ախորժակները, սակայն բաւարար պիտի ըլլայ, որ նախագահը մնայ առանց յատկանշական մրցակիցի։ Անգլիոյ, Գերմանիոյ, Ֆրանսայի թերթերն ալ զարմանքով եւ յուսախաբութեամբ դիմաւորեցին ընտրութեանց արդիւնքը, իսկ գերմանական թերթ մը գրած է. <<Հիմա պէտք է ցաւակցութիւն յայտնել Թուրքիոյ>>։
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ