ՀՅԴի քարոզարշաւը պիտի վարեն 5 քարոզչական խումբեր

By Asbarez | Tuesday, 03 November 2015

ԵՐԵՒԱՆ, <<Երկիր>> -  Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան կեդրոնին մէջ կայացած է հանդիպում մը Սահմանադրական փոփոխութիւններու նախագիծի հանրաքուէին առնչուող քարոզարշաւ կատարելու կոչուած մարմիններու ղեկավարներուն հետ:


Լրագրողներուն հետ ունեցած հանդիպումին ընթացքին ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ, Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան քարտուղար Աղուան Վարդանեան տեղեկացուցած է, որ որոշուած է մարզերուն մէջ կայացնել 3-4 հանդիպումներ, որոնք պիտի սկսին յաջորդ Շաբաթ եւ Կիրակի օրերը:
Ըստ անոր՝ ընդհանուր առմամբ Դաշնակցութիւնը պիտի ունենայ շուրջ 100 ղեկավարման մարմիններ տարբեր մարզերու մէջ։ Վարդանեան յայտնած է, որ 2 Նոյեմբերին արդէն բացումը կը կատարուի քարոզարշաւի հիմնադրամին:

Քարոզարշաւը պիտի կատարեն կազմուած հինգ քարոզչական խումբերը, զորս պիտի ղեկավարեն Արմէն Ռուստամեան, Արծուիկ Մինասեան, Լեւոն Մկր-տչեան, Արսէն Համբարձումեան եւ Աղուան Վարդանեան:

<<Երկիր>>ը Աղուան Վարդանեանին հետ ունեցած է նաեւ անջատ զրոյց մը՝ նոյնացման քարտերուն վերաբերեալ։ Արդէն յայտնի է, որ Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութիւնը նոյնացման քարտերով քուէարկելու չորս տարբերակ առաջարկած է: Առաջինը տեղեկանքի առկայութիւնն է, որ կարելիութիւն կու տայ ընտրական յանձնաժողովներուն մէջ փաստելու, որ նոյնացման քարտով հանրաքուէին մասնակցող անձը նոյն անձն է, եւ այդ տեղեկանքին վրայ կը դրուի համապատասխան դրոշմակնիք: Երկրորդ տարբերակը կը վերաբերի 9րդ ձեւին, որ կրնայ տրուիլ քուէարկողներուն: Երրորդ տարբերակը նոյնացման քարտ ունեցողներուն տուեալներուն փոխանցումն է ընտրական յանձնաժողովներուն եւ անոնց հրապարակումը, ինչ որ կարելիութիւն պիտի տայ յանձնաժողովներուն պատշաճ վերահսկողութիւն իրականացնելու: Չորրորդ տարբերակով՝ ՀՅԴն կ՛առաջարկէ մատները թանաքոտել:

Պատասխանելով <<Երկիր>>ի այն հարցումին, թէ Դաշնակցութեան առաջարկներուն ընդունումը ո՞ր հանգրուանին հասած է՝ խմբակցութեան քարտուղար Աղուան Վարդանեան ըսած է, որ իրենք իրենց առաջարկներով կ՛ուզեն ունենալ այնպիսի մեքանիզմ, որ պիտի վերացնէ խախտումներուն հաւանականութիւնը, առնուազն տեսականօրէն:

<<Եթէ քայլ անում ես, պէտք է անես նաեւ դրան հակակշռող քայլը: Մեր առաջարկներից որն էլ ընտրուի, մեզ համար ինչ-որ չափով կը լինի հակակշիռ: Հիմա քննարկումներն ընթանում են, եւ ես չեմ բացառում, որ այսօր եւս քննարկումներ կ՛ունենանք քաղաքական մեծամասնութեան, օրէնքի նախագծի հեղինակների հետ: Մենք ամէն ինչ անելու ենք, որ տարբերակներից գոնէ մէկն ընդունուի>>, յայտնած է Վարդանեան:

Անոր համաձայն՝ շատ կարեւոր է նաեւ այն, որ մենք պիտի ունենանք անձը հաստատող միասնական փաստաթուղթ: <<Չի կարող այս խառնաշփոթը լինել՝ չորս-հինգ տեսակի անձնագրերին եւ այլնին վերաբերող: Մէկ միասնական փաստաթուղթ պէտք է ունենան բոլորը, բնականաբար, այս պայմաններում թէկուզ հէնց նոյնականացման քարտը: Պետութիւնը պարտաւոր է քաղաքացիներին ապահովել նոյնականացման քարտերով, եթէ անգամ ծախսերը շատ են: Մենք պէտք է կարողանանք ընտրութիւնների ժամանակ մէկ միասնական փաստաթուղթ ունենալ>>, ըսած է Վարդանեան եւ աւելցուցած. <<Եթէ մենք ուզում ենք նորմալ, արդար ընտրութիւններ անցկացնել, անհրաժեշտ է իքս գումար: Բազմաթիւ արտասահմանեան կառոյցներ պատրաստ կը լինեն այդ ներդրումն անել: Ես ափսոսում եմ, որ Հայաստանում ID քարտերի գործընթացը կիսով չափ տապալուել է, եւ դրա համար մեղաւորներ կան>>:

 


comments