Թուրքիա Օճալանին Անունով Կեղծ Յայտարարութիւն Կը Տարածէ

By Asbarez | Tuesday, 10 November 2015

1110ocalan

ԱԹԷՆՔ, «Ռոյթըրզ».- Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան բանտարկուած ղեկավար Ապտուլլահ Օճալանի անունը օգտագործելով՝ Թուրքիոյ իշխանութիւնները կեղծ յայտարարութիւն տարածած են. Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 9ին այս մասին յայտնեց Օճալանի փաստաբան Ճենքիզ Չիչեք:

Չիչեք շեշտեց, թէ թրքական լրատուամիջոցները ստած են, երբ հաղորդած են, որ Օճալան քննադատած է քրտամէտ կուսակցութեան քաղաքականութիւնը։

Նշենք, որ Օճալանի կողմէ Յունաստանի դէմ բացուած դատին առաջին նիստը տեղի ունեցաւ Նոյեմբեր 9ին եւ ընթացքին Չիչեք Աթէնքը ամբաստանեց Օճալանի իրաւունքը ոտնակոխելով՝ զինք Թուրքիոյ իշխանութիւններուն յանձնած ըլլալու յանցանքով։ Օճալան Յունաստանէն կը պահանջէ 20,100 եուրօ՝ իբրեւ խորհրդանշական վնասուց հատուցում։ Եթէ շահի, ապա այդ գումարը պիտի նուիրէ Յունաստանի մէջ բարեսիրական հաստատութիւններու։ Դատավարութիւնը պիտի շարունակուի Փետրուար 22, 2016ին։

Օճալան կը պնդէ, որ 1999ին Յունաստանէն անուղղակի կերպով խոստում ստացած էր, որ իրեն ապաստանեալի իրաւունք պիտի տրուի, սակայն Աթէնք Քենիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու իշխանութեանց մեղսակցութեամբ՝ կարգադրեց Օճալանը Անգարային յանձնելու գործողութիւն մը։

comments