Իրանցի Մտաւորականներ Խստօրէն Կը Քննադատեն Ալիեւը

By Asbarez | Monday, 07 November 2011

 

ԵՐԵՒԱՆ, «Փանորամա».- «Իրանցի մտաւորականները դատապարտած են Ատրպէյճանի  նախագահին հակաիսլամական գործունէութիւնը. այս մասին նշուած է իրանական «Անսար Թապրիզ» համացանցային լրատուական կայքով լոյս տեսած յօդուածի մը մէջ:

Ըստ յօդուածին, Իրանի Արեւելեան Ատրպէյճան նահանգի մտաւորականները, Թաւրիզի համալսարաններու դասախօսներն ու ուսանողները, Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն ուղղուած յայտարարութեան մէջ մասնաւորապէս նշած են. «Կ՛ափսոսանք, որ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հակաիսլամական յանցաւոր գործունէութիւնը ընդգրկուած է պաշտօնական Պաքուի աշխատանքային օրակարգին մէջ»:

Իրանցի մտաւորականները իրենց յայտարարութեան մէջ անդրադարձած են լաչակ կրելը արգիլելու, իսլամական գործիչներու ձերբակալութեան եւ մզկիթներ քանդելու հարցերուն:

Յիշեցնենք, որ վերջերս իրանցի բարձրաստիճան հոգեւորական այաթոլայ Մաքարեմ Շիրազի, իր ելոյթներէն մէկուն ընթացքին դիմելով Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն՝ յայտարարած էր.

«Մենք վստահ ենք, որ Ատրպէյճանի ժողովուրդը այս իրավիճակը չի հանդուրժեր եւ կու գայ օր մը, որ կը բռնէ ձեր օձիքէն եւ ցած կ՛իջեցնէ իշխանական աթոռէն: Տարածաշրջանին մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւններէն դասեր քաղեցէք»:

Նաեւ, վերջերս կազմակերպուած «Իսլամական զարթօնք Ատրպէյճանի մէջ» թեմայով համագումարին ընթացքին, աւելի քան 40 իսլամական երկիրներու հոգեւորականներ եւ գիտնականներ եւս դատապարտեցին Ատրպէյճանի վարած հակաիսլամական քաղաքականութիւնը: Համագումարին ընթացքին, այաթոլլայ Թահրիրի, դատապարտելով Պաքուի վարած հակաիսլամական քաղաքականութիւնը՝ նշած էր. «Իսլամական համագործակցութեան կազմակերպութեան անդամ երկիր մը հանդիսացող Ատրպէյճանը պէտք չէ բանտարկէ իսլամական կազմակերպութեանց գործիչները եւ արգիլէ լաչակ կրելը»:

comments