Հոլանտացի Կուսակցապետը Թուրքիա Վերադառնալու Կոչ Կ՛ընէ Էրտողանի Համակիրներուն

By Asbarez | Friday, 13 November 2015

ԵՐԵՒԱՆ, «Էրմենիհապեր».- Հոլանտայի Ազատութիւն կուսակցութեան ղեկավար Կիրթ Վիլտերզ կոչ ըրած է Թուրքիոյ արտակարգ խորհրդարանական ընտրութիւններուն իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան ի նպաստ քուէարկած Հոլանտայի թուրքերուն, որ իրենց երկիրը վերադառնան։

Թրքական «Միլլիյէ»չ թերթը կը գրէ, թէ Վիլտերզ «Թուիթըր»ի վրայ գրած է.

«Հոլանտայի մէջ բռնապետ Էրտողանի կուսակցութեան ձայն տուած թուրքերը թող երթան Թուրքիա եւ իսլամաֆաշականութեան համը զգան»։

Նշենք, որ հոլանտացի-պարսիկ յայտնի դասախօս Աֆշին Էլիան հոլանտական մամուլին մէջ վերջերս արտայայտած է այն համոզումը, որ «Թուրքիոյ սարսափ տարածող եւ դասական բռնապետի վարք ցուցաբերող նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան կ՛ուզէ ցմահ իշխանութեան գլուխ մնալ», իսկ Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցած արտակարգ խորհրդարանական ընտրութիւնները ան որակած է իբրեւ «ժողովրդավարութեան սպանութիւն» եւ առաջարկած Անգարան այլեւս չընկալել իբրեւ դաշնակից՝ վերատեսութեան ենթարկելով անոր ՆԱԹՕի անդամակցութիւնը:

comments

Advertisement