Հայաստանի եւ Չինաստանի միջեւ ուղիղ թռիչքներու հաստատման կարելիութիւններ կան

By Asbarez | Tuesday, 17 November 2015

1117China

 

ԵՐԵՒԱՆ, <<Արմէնփրէս>> -  <<Մետաքսի Ճանապարհ>> տնտեսական գօտիի ստեղծման չինական նախաձեռնութեան լոյսի ներքոյ>> նիւթով գիտաժողովին Հայաստանի տնտեսութեան փոխնախարար Սերգէյ Աւետիսեան՝ ներկայացնելով այս հանգրուանին Հայաստանի եւ Չինաստանի համագործակցութիւնը, դիտել տուած է, որ հայ–չինական յարաբերութիւնները կը զարգանան տարբեր ուղղութիւններով՝ ենթակառուցուածքներէն մինչեւ զբօսաշրջութիւն եւ օդանաւորդութիւն։

<<Տարուայ ընթացքում մենք բազմաթիւ հանդիպումներ ենք ունեցել Չինաստանի մասնաւոր հատուածը ներկայացնող տարբեր ոլորտների գործիչների հետ: Մօտ ապագայում այդ հանդիպումների արդիւնքները տեսանելի կը լինեն: Բանակցութիւններ ենք վարում աւիաընկերութիւնների հետ Հայաստան–Չինաստան ուղիղ չուերթի վերականգման ուղղութեամբ>>, նշած է փոխնախարարը՝ չմասնաւորելով, թէ Չինաստանի դէպի ո՛ր քաղաքը թռիչք պիտի կատարուի:

Ան նաեւ աւելցուցած է, որ զբօսաշրջութեան ոլորտի զարգացման խթանման նպատակով համաձայնագիր ստորագրուած է երկու երկիրներուն միջեւ, ինչպէս նաեւ Հայաստանը ընդգրկուած է Չինաստանի կողմէ հրապարակուող զբօսաշրջութեան համար ապահով երկիրներու ցանկին մէջ: Անդրադառնալով <<Մետաքսի Ճանապարհ>> տնտեսական գօտիին ստեղծման՝ Սերգէյ Աւետիսեան համոզում յայտնած է այն մասին, որ Արեւմուտքը Արեւելքին կապող ուղիներու քառուղիին վրայ գտնուող եւ Եւրասիական տնտեսական միութեան, Եւրոպական միութեան, Միացեալ Նահանգներու ու շարք մը այլ երկիրներու հետ առեւտուրի արտօնեալ դրութիւններ ունեցող Հայաստան կրնայ հետաքրքրական ըլլալ չինական ներդրողներուն համար:

comments