Քսաններու Խմբակը կոչ կ՛ընէ «ցամքեցնելու» ահաբեկչութեան նիւթական աղբիւրները

By Asbarez | Wednesday, 18 November 2015

1118G20

ՄՈՍԿՈՒԱ, ԱՆԹԱԼԻԱ, <<Ա.Էֆ.Փէ.>> - Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 17ին, ռուսական եւ ֆրանսական ուժերը սաստկացուցին ահաբեկչական <<Իսլամական պետութիւն>> կազմակերպութեան միջնաբերդը նկատուող Սուրիոյ Ռաքքա քաղաքին վրայ յարձակումները, մինչ Փարիզ եւ Մոսկուա կը յայտարարէին, թէ որոշած են մօտիկ կերպով գործակցիլ այս պայքարին։

Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլանտ, <<Իսլամական պետութեան>> դէմ պայքարը սաստկացնելու գծով, Նոյեմբեր 24ին հանդիպում մը պիտի ունենայ Միացեալ Նահանգներու իր պաշտօնակից Պարաք Օպամայի հետ, իսկ Նոյեմբեր 26ին՝ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ։

Միւս կողմէ, Թուրքիոյ Անթալիա քաղաքին մէջ գումարուած Քսաններու խմբակի երկօրեայ վեհաժողովի աւարտին հրապարակուած հաղորդագրութիւնը շեշտեց ահաբեկիչներուն տրամադրուած նիւթական օժանդակութիւնները կասեցնելու կարեւորութիւնը՝ միաժամանակ նշելով, որ ահաբեկչութիւնը պէտք է առնչել կրօնքի մը, ցեղի մը կամ ազգի մը:

Հաղորդագրութիւնը նաեւ նշեց, որ Քսաններու խմբակի անդամ երկիրներու ղեկավարները վճռակամ են ամէն ձեւով դէմ դնելու <<Իսլամական պետութեան>> եւ անոր ներկայացուցած վտանգին, որովհետեւ ահաբեկչական արարքները կը խաթարեն միջազգային խաղաղութիւնն ու ապահովութիւնը:

Իր կարգին, Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան իր երկրին մէջ գումարուած վեհաժողովին աւարտին դարձեալ յայտարարեց. <<Պաշշար Ասատ Սուրիոյ ապագային մէջ տեղ չունի>>, իսկ Փութին նշեց. <<Ահաբեկչութեան նիւթապէս կը նպաստեն մօտաւորապէս 40 երկիրներէ քաղաքացիներ, որոնց շարքին՝ Քսաններու խմբակի այս վեհաժողովին մասնակից երկիրներ: Ռուսիոյ նախագահը նաեւ ըսաւ, թէ ինք այս մասին տեղեկութիւնները բաժնած է արդէն իր գործընկերներուն հետ, եւ թէ անհրաժեշտ է յատկապէս կասեցնել ահաբեկիչներուն կողմէ քարիւղի եւ քարիւղամթերքներու ապօրինի վաճառքէն հսկայական գումարներու իւրացումը։

 


comments

Advertisement