By Asbarez | Friday, 20 November 2015
ՓԱՐԻԶ, <<Ռոյթըրզ>> - Փարիզի ընդհանուր դատախազը Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 19ին յայտարարեց, որ Փարիզի մէջ Նոյեմբեր 13ին տեղի ունեցած յարձակումները գործած ահաբեկչական խմբակին ղեկավարը Սեն Տընիի մէջ խուզարկութեանց ընթացքին սպաննուածներու շարքին եղած է:
Նշենք, որ ոստիկանութիւնը Չորեքշաբթի արշալոյսին շղթայազերծած էր գործողութիւն մը, որուն ընթացքին սպաննուած էին երկու ահաբեկիչներ, որոնցմէ մէկը՝ կին մը, ինքզինք պայթեցուցած էր, իսկ եօթը ուրիշներ ձերբակալուած էին:
Միւս կողմէ, Ֆրանսայի խորհրդարանը Հինգշաբթի օր երեք ամիսով երկարաձգեց երկրին մէջ Նոյեմբեր 13ի ահաբեկչական արարքներէն ետք յայտարարուած արտակարգ դրութիւնը:
Իր կարգին, Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլանտ կոչ ըրաւ կազմելու ընդարձակ դաշինք մը՝ <<Իսլամական պետութեան>> վճռական հարուածներ հասցնելու համար, նշելով, թէ հարցը կը վերաբերի խմբաւորումի մը, որ ամբողջ աշխարհին կը սպառնայ, այլ ոչ թէ որոշ երկիրի մը միայն:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ