By Asbarez | Friday, 20 November 2015
ՄԱՆԻԼԼԱ.- <<Պի.Պի.Սի.>> կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա Ֆիլիփինի մէջ կայացող Ասիա-Խաղաղական տնտեսական համագործակցութեան վեհաժողովին ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ, Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինը համարած է Սուրիոյ հակամարտութեան կարգաւորման հոլովոյթին մէջ կառուցողական գործընկեր մը:
Օպամա յոյս յայտնած է, որ Փարիզի վրայ իսլամականներու կատարած յարձակումէն ետք, Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի վարչակարգին աջակցիլը կրնայ դադրիլ Ռուսիոյ համար գերակայութիւն ըլլալէ, որուն փոխարէն՝ առաջին գիծ կրնայ մղուիլ <<Իսլամական պետութիւն>>ը ոչնչացնելու պայքարը։ Օպամա խոստացած է այդ հարցը քննել Ռուսիոյ նախագահին հետ:
Միւս կողմէ, <<Տիֆենս Նիուզ>>ի համաձայն՝ ամերիկեան <<Հերի Թրումըն>> օդանաւակիրը պիտի ժամանէ Միջերկրական ծով՝ նպաստելու համար <<Իսլամական պետութեան>> դէմ գործողութեանց:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ