«Իսլամական Պետութիւն»ը Թուրքիոյ աջակցութեամբ սպանդներ կ՛իրականացնէ. Ասատ

By Asbarez | Saturday, 21 November 2015

ԵՐԵՒԱՆ, <<Էրմենիհապեր>> -  Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ իտալական <<Rai Uno>> կայանին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին անդրադարձած է <<Իսլամական պետութիւն>> ահաբեկչական կազմակերպութեան ստեղծման: Նշելով, որ այդ կազմակերպութիւնը յառաջացած է Արեւմուտքին եւ յատկապէս Իրաքի պատերազմին պատճառով՝ Ասատ ըսած է. <<Կրնամ հաւաստիացնել, որ Սուրիոյ մէջ չկային բնական ու ընկերային պայմաններ՝ <<Իսլամական պետութեան>> գոյացման համար>>:

Փարիզի ահաբեկչական յարձակումներուն անդրադառնալով՝ Ասատ նշած է, թէ կրնայ ըլլալ, որ ահաբեկիչները ռազմական մարզում ստացած են Սուրիոյ մէջ, բայց <<Իսլամական պետութիւն>>ը հիմնուած է Իրաքի եւ Աֆղանիստանի մէջ:

<<Թուրքիոյ, Սէուտական Արաբիոյ եւ Քաթարի աջակցութեան, ինչպէս նաեւ Արեւմուտքին վարած քաղաքականութեան հետեւանքով է որ Սուրիա մարզուած իսլամ ծայրայեղականները կրնան Փարիզի եւ այլ վայրերու մէջ սպանդներ կազմակերպել>>, աւելցուցած է Ասատ:

 

comments