Մահափորձ Թուրքիոյ Քրտամէտ կուսակցապետին դէմ

By Asbarez | Tuesday, 24 November 2015

ԵՐԵՒԱՆ, <<Էրմենիհապեր>> -  Նոյեմբեր 22ին մահափորձ մը տեղի ունեցաւ քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարութիւն կուսակցութեան համանախագահ Սալահետտին Տեմիրթաշի դէմ. արդարեւ, Տիգրանակերտի մէջ անյայտ անձ մը կրակեց Տեմիրթաշի ինքնաշարժին վրայ, երբ կուսակցապետը անոր մէջն էր: Տեմիրթաշ ըսած է, որ անոնք կրակոցի ձայն չեն լսած, բայց երբ ինքնաշարժէն իջած են, թիկնապահները անոր զրահապատ ապակիին վրայ փամփուշտի հետք նկատած են: Տեմիրթաշ <<Թուիթըր>>ի իր էջին վրայ գրած է. <<Մահը Աստուծոյ հրամանով է>>:

comments

Advertisement