Փութին ստորագրեց Թուրքիոյ դէմ տնտեսական միջոցառումներու հրամանագիր մը

By Asbarez | Tuesday, 01 December 2015

1201putin_erdogan

 

ՄՈՍԿՈՒԱ, <<Ռոյթըրզ>>.- Քրեմլին յայտարարեց, որ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին ստորագրած է Թուրքիոյ դէմ տնտեսական միջոցառումներու որդեգրման վերաբերեալ նախագահական հրամանագիր մը: Նշեալ միջոցառումներու շարքին են՝ 2016էն սկսեալ Թուրքիոյ հետ մուտքի այցագիրի (վիզա) դրութեան վերահաստատում, դէպի Թուրքիա առեւտրական թռիչքներու դադրեցում եւ ռուսական հողամասերուն վրայ թրքական օդանաւային ընկերութեանց հսկողութեան խստացում:


Փութին նաեւ զբօսաշրջութեան ռուսական ընկերութիւններուն թելադրեց Ռուսիոյ քաղաքացիներուն համար դէպի Թուրքիա զբօսաշրջային շրջապտոյտներ չկազմակերպել:

Թրքական <<Ռատիքալ>> թերթը հաղորդեց, որ Թուրքիա իր կարգին կը պատրաստուի Ռուսիոյ դէմ <<վրիժառու ծրագիրի>> մը պատրաստութեան, մինչ թուրք բարձրաստիճան պաշտօնատար մը յայտնեց, թէ Թուրքիոյ դէմ Ռուսիոյ որդեգրած պատժամիջոցները պիտի բարդացնեն Մոսկուա-Անգարա լարուածութիւնը:

Ռուսիոյ խորհրդարանի Միջազգային յարաբերութեանց յանձնախումբի նախագահ Ալեքսէյ Փուշքով, անդրադառնալով Փութինի ստորագրած հրամանագիրին՝ ըսաւ. <<Այդ հրամանագիրը անգամ մը եւս ցոյց կու տայ, թէ Էրտողան նախ եւ առաջ վնասեց իր երկիրի տնտեսութեան: Թուրքիան յատուկ կարգավիճակ ունէր Ռուսիոյ մէջ>>։ Ան նշեց, որ Ռուսիոյ կողմէ ձեռնարկուած միջոցառումները Թուրքիան պիտի հարուածեն չորս ուղղութիւններէ, որոնցմէ առաջինը զբօսաշրջութիւնն է, որովհետեւ ռուս զբօսաշրջիկները Թուրքիան կը հարստացնէին տարեկան մօտաւորապէս 4 միլիառ տոլարով, ինչ որ Թուրքիոյ զբօսաշրջութեան մարզին ապահոված շահին 12-18 առ հարիւրը կը կազմէ:

Փուշքով նաեւ աւելցուց, որ թրքական ընկերութիւնները, որոնք համաձայնագիրներ ստորագրած էին Ռուսիոյ մէջ, մեծ եկամուտներ կ՛ունենային: Պատժամիջոցները պիտի ազդեն նաեւ գործունէութեան վրայ այն ընկերութիւններուն, որոնք հիմնուած են դէպի Ռուսիա արտածումներու նպատակով: <<Ատիկա թրքական տնտեսութեան մէկ զգալի մասը կը կազմէր, որովհետեւ Թուրքիան Ռուսիոյ համար, առեւտրական-տնտեսական յարաբերութիւններու առումով՝ հինգերորդ գործընկերն էր: Նախորդ տարի, երկու երկիրներու ապրանքաշրջանառութիւնը կը կազմէր 30 միլիառ տոլար, եւ ատիկա ի հարկէ լուրջ հարուած է այդ ընկերութիւններուն>>, ընդգծեց Փուշքով:

Ան ըսաւ. <<Ռուսիա չի փորձեր իրենց ղեկավարութեան վարմունքին համար Թուրքիոյ քաղաքացիներէն վրէժ լուծել>>, ուստի՝ որդեգրուած միջոցառումներուն մէջ յատուկ ջանք թափուած է նուազեցնելու պարզ քաղաքացիներուն վրայ անոնց ազդեցութիւնը:

Իր կարգին, Թուրքիոյ վարչապետ Ահմետ Տաւութօղլու յայտարարեց, որ ինք Ռուսիոյ հետ յարաբերութեանց մեծ կարեւորութիւն կ՛ընծայէ՝ աւելցնելով. <<Պիտի չտատամսինք եւ պիտի չարտօնենք, որ օտար որեւէ օդանաւ մեր օդային տարածքը ներթափանցէ. պէտք է հարցերը լուծենք՝ առանց զանոնք առաւել մագլցումի մղելու: Որեւէ պետութիւն պէտք չէ Թուրքիան ամբաստանէ ինքն իր գերիշխանութիւնը պաշտպանելուն համար: Եթէ Սուրիոյ հարցով համակարգում տեղի չունենայ, ապա ռուսական օդանաւեր վար առնելը կրնայ կրկնուիլ>>:

Միւս կողմէ, Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան բարձրագոյն յանձնակատար Ֆետերիքա Մոկերինի յայտնեց. <<Թուրքիոյ եւ Ռուսիոյ հետ հաղորդակցութեանց մէջ ենք՝ ապահովելու համար, որ իրենց միջեւ գոյութիւն ունեցող լարուածութիւնը չազդէ Սուրիոյ տագնապին վրայ>>: Ան նշեց, որ այս շաբաթ հանդիպում մը պիտի ունենայ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի հետ, քննարկելու համար Ռուսիոյ եւ Թուրքիոյ միջեւ տագնապն ու Սուրիոյ տագնապի լուծման վրայ անոր ունենալիք ազդեցութիւնը:

Նշենք, որ թրքական իշխանութիւնները ստանձնեցին վար առնուած ռուսական օդաչուին դիակը եւ զայն յանձնեցին Թուրքիոյ մօտ Ռուսիոյ դեսպանատան:
Անցած շաբաթավերջին, Էրտողան փորձած էր մեղմացնել Ռուսիոյ զայրոյթը՝ յայտարարելով. <<Եթէ գիտնայինք, որ օդանաւը ռուսական է, թերեւս ամէն ինչ տարբեր կ՛ըլլար>>, սակայն Էրտողանի այս <<արդարացում>>ը չընդունուեցաւ Փութինի կողմէ, որ կայծակնային արագութեամբ պատասխանեց, թէ թրքական կողմը չէր կրնար չգիտնալ, որ օդանաւը ռուսական է։

Էրտողան նաեւ ըսած է, որ օդանաւին զգետնումէն ետք անմիջապէս ինք փնտռած է Փութինը, բայց Փութին չէ պատասխանած։ Իսկ Փութին այս պնդումին եւս անմիջապէս պատասխանեց՝ ըսելով, որ ինք Էրտողանէն հեռաձայն չէ ստացած։

Էրտողան նաեւ ցաւ յայտնած է անոր համար, որ Մոսկուայի մօտ թրքական դեսպանատան վրայ յարձակում գործուած է, իսկ ոստիկանները չեն կասեցուցած յարձակումը։

comments