By Asbarez | Tuesday, 01 December 2015

ԵՐԵՒԱՆ, <<Էրմենիհապեր>> - Թուրքիոյ խորհրդարանի հայ պատգամաւոր Կարօ Փայլան, խորհրդարանական նիստին ընթացքին իր ունեցած ելոյթին սկիզբը պատգաւորները հայերենով ողջունած է՝ <<Բարեւ ձեզ>> ըսելով. այս մասին գրած է թրքական <<Միլլիյէ>>չ թերթը:
Ընդդիմադիր Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան անդամ Փայլան անդրադարձած է Տիգրանակերտի իրաւաբանական կաճառի ղեկավար Թահիր Էլչիի սպանութեան՝ զայն նմանցնելով Հրանդ Տինքին եւ յայտարարելով, որ ան եւս <<խաղաղութեան աղաւնի>> մըն էր:
Փայլան իր ելոյթին մէջ իշխանութեանց հասցէին սուր քննադատութիւններ հնչեցուցած է՝ ըսելով. <<Այս պետութեան վրայ 3 մատ հաստութեամբ փոշի նստած է: Մեր պարտականութիւնն է ոչ թէ ծածկել այդ փոշին, այլ՝ մաքրել: Եթէ չմաքրենք, ապա կը կրկնուին յանցագործութիւնները: Հրանդ Տինքի սպանութիւնը ծածկեցիք, այդ պատճառով ալ յանացագործութիւնը կրկնուեցաւ: Թահիր Էլչի Հրանդ Տինքի նման կը հաւատար խաղաղութեան, եղբայրութեան, ժողովրդավարութեան, եւ կը պայքարէր անոնց համար: Երկուքն ալ սպաննուեցան: Այս պետութեան վրայ ծանրացած փոշիին ապացոյցն է անիկա: Եթէ պետութիւնը յանցագործութիւն կատարէ, ո՞վ պիտի բացայայտէ եւ ո՞վ պիտի վերահսկէ>>։
Նշենք, որ Տիգրանակերտ նահանգի Սուր գաւառին մէջ լրագրողներուն յայտարարութիւն մը կատարելու ընթացքին, Էլչի Նոյեմբեր 21ին ահաբեկիչներու կողմէ սպաննուեցաւ: Սպանութենէն վայրկեաններ առաջ, Էլչի լրագրողներուն կ՛ըսէր. <<Այս պատմական տարածքը շատ քաղաքակրթութիւններու օրրանը եղած է, այս տարածքին մէջ այլեւս բախումներ եւ պատերազմներ չենք ուզեր>>։ Սպանութենէն քանի մը օր առաջ, Թահիր Էլչի ձերբակալուած էր ոստիկանութեան կողմէ, որմէ ետք ազատ արձակուած էր՝ երկրէն չբացակայելու պայմանով:
Նշենք, որ Էլչի նաեւ յայտարարած էր, թէ Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութիւնը ահաբեկչական կազմակերպութիւն մը չէ, այլ՝ քաղաքական շարժում մը, որ քաղաքական պահանջներ ունի եւ հասարակութեան լուրջ աջակցութիւնը կը վայելէ:
Տասնեակ հազարաւորներ հաւաքուած են Էլչիի յուղարկաւորութեան առիթով՝ պարզելով վերտառութիւններ, որոնց վրայ գրուած էր Թահիր Էլչիի նախադասութիւններէն մէկը. <<Գլուխ չծռեցի, ես ձեզմէ՞ պիտի վախնամ>>։ Չէր վախցած, եւ ահաւասիկ սուղ կը վճարէ իր այդ քաջութեան համար։
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ