By Asbarez | Thursday, 03 December 2015

ՓԱՐԻԶ, <<Ա.Էֆ.Փէ.>> - Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա եւ Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան Փարիզի մէջ կայացող կլիմայական հարցերով ՄԱԿի վեհաժողովի ծիրին մէջ ունեցան հանդիպում մը, որուն ընթացքին քննարկեցին Սուրիոյ զարգացումներն ու ռուս-թրքական յարաբերութիւնները:
Հանդիպումէն ետք տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին, Էրտողան անդրադարձաւ ռուս-թրքական յարաբերութիւններուն՝ նշելով. <<Շրջանային լարուածութիւնը մե՛զ ալ կը տխրեցնէ: Մեր մտահոգութիւնը այն է, որ այս իրավիճակէն վնասով դուրս չգանք, այլ ընդհակառակը՝ նպաստենք շրջանին մէջ խաղաղութեան հաստատման>>:
Իր կարգին, Օպամա ըսաւ. <<(Ռուսիոյ նախագահ) Փութինի հետ զրոյցիս ընթացքին ընդգծեցի, որ լարուածութիւնը աւելցնելը որեւէ օգուտ պիտի չբերէ: Այս հարցին մէջ միասին աշխատինք: Թուրքիա ինքզինք պաշտպանելու իրաւունքը ունի: Բոլորս հասարակաց թշնամի մը ունինք եւ պէտք է զայն պարտութեան մատնենք, որպէսզի Սուրիոյ մէջ քաղաքական փոխանցում իրականացուի>>:
Օպամա նաեւ Էրտողանին կոչ ուղղեց <<<<Իսլամական պետութիւն>> ահաբեկչական խմբաւորման սպառնալիքին վերջ տալու ջանքերը աշխուժացնելու:
Միւս կողմէ, Գերմանիոյ նախարարաց խորհուրդը Դեկտեմբեր 1ին վաւերացուց գերմանական բանակին կողմէ Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ <<Իսլամական պետութեան>> դէմ զինուորական գործողութիւններուն մասնակցելու որոշումը: Այդ գործողութիւններուն համար նախատեսուած են 1200 գերմանացի զինուորներ, իսկ անոնց առաքելութիւնը սահմանափակուած է մէկ տարիով, որ սակայն կրնայ երկարաձգուիլ:
Որոշումը պէտք է վաւերացուի Գերմանիոյ խորհրդարանին կողմէ։
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ