By Asbarez | Friday, 04 December 2015
ՌԵՏԼԸՆՏԶ, <<Էն.Պի.Սի.>> - Դեկտեմբեր 3ին, <<Էֆ.Պի.Այ.>>ն ու տեղական ապահովական մարմինները շարունակեցին մէկ օր առաջ Սան Պեռնարտինոյի մէջ տեղի ունեցած զինեալ յարձակումին ծալքերը բացայայտելու հետախուզութիւնները, մինչ 14 զոհ եւ 21 վիրաւոր պատճառած այդ զինեալ յարձակումը գործադրողներուն մասին տեղեկութիւններ կը հրապարակուէին։
Փաքիստանեան արմատներ ունեցած զինեալ մարդն ու կինը, որոնք նախնական յարձակումէն քանի մը ժամ ետք՝ ոստիկաններու կողմէ սպաննուեցան, աւելի քան 150 փամփուշտներ կրակած էին, իսկ յարձակումէն առաջ իրենց զաւակը ազգականի մը քով ձգած էին, այն պատճառաբանութեամբ, որ բժիշկի ժամադրութիւն ունին։
28ամեայ ամուսինը երկար տարիներով եղած է Սան Պեռնարտինօ գաւառի առողջապահութեան մարզի պաշտօնեայ։ Ամոլը, որուն Ռետլընտզ գտնուող բնակարանէն եւ ինքնաշարժէն 1400է աւելի փամփուշ, բազմաթիւ զէնքեր ու ռումբեր կազմելու նիւթեր գտնուած են, նաեւ լարած էին երեք ռումբեր, զորս մասնագէտներու միջամտութեամբ կարելի եղած էր չէզոքացնել։ Ոստիկանութիւնը այլ կասկածելի մը ձերբակալած է։
<<Էֆ.Պի.Այ.>>ի աղբիւր մը յայտնած է, որ կասկածներ կան, թէ ամոլը, որուն մէկը Միացեալ Նահանգներ ծնած է, իսկ միւսը՝ Փաքիստան, իսլամ ծայրայեղականներու կողմէ արմատականացած է վերջերս։
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ