By Asbarez | Saturday, 05 December 2015
ՊՈԼԻՍ, <<Մարմարա>> - Ռուսական օդանաւին զգետնումէն ետք միջազգային ամբողջ հանրութեան ուշադրութիւնը կեդրոնացած է Ռուսիոյ եւ Թուրքիոյ վրայ. երկու երկիրներուն միջեւ դիւանագիտական պատերազմը կը շարունակուի իր ամբողջ խստութեամբ, կարծր քննադատութիւններով եւ սպառնալիքներով։
Թրքական մամուլը կը նշէ, որ դէպքէն տասը օր ետք՝ Դեկտեմբեր 3ին, երկու կողմերուն միջեւ կայացած բարձր մակարդակի առաջին հանդիպումին, Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սէրկէյ Լաւրով չէ արտօնած, որ մամուլին համար լուսանկար առնուի, չէ ձեռնուած իր պաշտօնակիցին հետ, իսկ հանդիպման մասին մէկ նախադասութեամբ յայտարարութիւն մը կատարած է մամուլին՝ ըսելով. <<Չաւուշօղլու կրկնեց այն, ինչ նախապէս ըսած էին Թուրքիոյ վարչապետն ու նախագահը>>։
Իր կարգին, Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին դարձեալ շա՛տ խիստ սպառնալիքներ ուղղեց Թուրքիոյ՝ ըսելով, որ Թուրքիա պիտի զղջայ իր ըրածին համար, եւ սահմանափակումները միայն <<լոլիկին դէմ դրուած արգելք>>ով պիտի չըլլան, այլ նոր պատժամիջոցներ պիտի սահմանուին։ Փութին իր սպառնալիքները լուսաբանեց հետեւեալ տողերով. <<Միայն Աստուած գիտէ, թէ ինչո՛ւ թուրքերը վար առին ռուսական ռազմական օդանաւը։ Կ՛ըսեն, որ եթէ Աստուած ուզէ մէկը պատժել, նախ՝ անոր խելքը կ՛առնէ։ Մեր վար առնուած օդանաւին համար ալ նոյն մտածումը խնդրոյ առարկայ է։ Դիւանագիտական այս ճգնաժամին միակ պատասխանատուն Թուրքիոյ վարչակազմն է։ Թուրքիոյ գլուխը գտնուող այդ իշխանութիւնները իրենց խելքը կորսնցուցած են։ Այս դէպքէն առաջ մենք քանիցս ըսած էինք, որ պատրաստ ենք Թուրքիոյ եւ տարածաշրջանային բոլոր զգայնութիւններուն համար հանդիպումներ ունենալու։ Ռուսիա աւելի լուրջ հասկացողութեամբ մօտեցած էր Թուրքիոյ, քան՝ այդ երկիրի արեւմտեան դաշնակիցները։ Բայց հիմա այսպիսի փոխադարձութիւն ստացանք այդ երկրէն։ Անշո՛ւշտ, Ռուսիա ռազմական ճամբով պիտի չպատժէ Թուրքիան։ Բայց այդ երկիրը շատ կը սխալի՝ խորհելով որ լոլիկի արտածումին կամ շինութեան ոլորտին մէջ դրուած կարգ մը սահմանափակումներով հարցը պիտի փակուի։ Թուրքիա բազմաթիւ անգամներ պիտի զղջայ այս ըրածին համար։ Ասկէ ետք նոր քայլեր պիտի առնուին այդ երկրին դէմ>>։
Ռուսիոյ նախագահը դիտել տուաւ նաեւ, որ ինք թուրք ժողովուրդին հետ հարց մը չունի, այլ՝ <<ըսածներս Թուրքիոյ իշխանութիւններուն կը վերաբերին։ Ես նկատի ունիմ այն անձերը, որոնք գողցուած քարիւղի շահով իրենց գրպանները կը լեցնեն>>։ <<Ահաբեկիչներուն հետ հաստատուած համագործակցութիւնը պիտի չմոռնանք>>, աւելցուց Փութին ու շեշտեց, թէ այս բանը շա՛տ լաւ պէտք է գիտնան բոլոր անոնք, որոնք կռնակէն զարկին ռուս օդաչուին, իսկ ապա երկերեսութեամբ կը փորձեն ժողովուրդին հաւատացնել, թէ իրենք ճիշդ էին։
Միւս կողմէ, ռուսական թերթերը կը գրեն, թէ քայլեր կ՛առնուին, որպէսզի սպաննուած ռուս օդաչուին անունով կոչուի այն փողոցը, ուր կը գտնուի Մոսկուայի մօտ Թուրքիոյ դեսպանատունը։
ԼԱՒՐՈՎ՝ ԱՍԱՏԻ ՄԱՍԻՆ
ԵԱՀԿի արտաքին գործոց նախարարներու ժողովէն ետք տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին, Լաւրով անդադարձաւ Սուրիոյ քաղաքական պատերազմին ու յայտարարեց, թէ նախագահ Պաշշար Ասատի հարցը փակուած է։ Ան յիշեցուց, որ միջազգային իրաւունքի չափանիշներով, միա՛յն Սուրիոյ ժողովուրդը կրնայ որոշել, թէ ո՛վ պիտի ըլլայ իր առաջնորդը։
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ