Թուրքիա կրնայ մէջտեղ հանել «Արցախի Խաղաքարտ»ը. «Զաման»

By Asbarez | Tuesday, 08 December 2015

1209Zaman

 

ՊՈԼԻՍ, <<Մարմարա>> -  <<Զաման>>ի թղթակիցներէն Ալտա Էնկոյեան անդադարձած է ռուս-թրքական լարուած յարաբերութեանց հաւանական ազդեցութեան՝ Կովկասի երկիրներուն վրայ։ Կը նշուի, որ Հայաստան, Վրաստան ու Ատրպէյճան, որոնք Ռուսիոյ եւ Թուրքիոյ միջեւ պատմական թատերաբեմ կը հանդիսանան, անակնկալ կերպով յայտնուեցան շատ խառն իրավիճակի մէջ, եւ կրնայ պատահիլ, որ քաղաքական որեւէ նախաձեռնութիւն ծանր հետեւանքներ ունենայ անոնց համար։


Էնկոյեան կը յիշեցնէ, որ ռուսական ռազմական օդանաւի զգետնումէն ետք կողմերը ոչ մէկ կերպով հաշտութեան եզրեր կը գտնեն, իսկ նախագահ Վլատիմիր Փութին կը յայտարարէ, որ յառաջիկային Էրտողանի հետ որեւէ փոխադարձ համաձայնութիւն չի կրնար ստորագրուիլ։

<<Զաման>>ի թղթակիցը կը նշէ, որ թէեւ ռուս-թրքական պատերազմ մը հաւանական չէ, այս լարուածութիւնը ուղղակիօրէն ազդեցութիւն պիտի ունենայ նաեւ Հայաստանի վրայ։

Ներկայացուած տեսակէտին համաձայն՝ Թուրքիոյ մասնատումը եթէ նոյնիսկ այսօր իրականանալի չըլլայ, <<յառաջիկայ քսան տարիներուն ընթացքին Թուրքիոյ քարտէսը կրնայ փոխուիլ>>։ Այդ պարագային, Թուրքիա պիտի չուշանայ մէջտեղ բերելու <<Արցախի խաղաքարտ>>ը։
Հետեւաբար, Հայաստան մի՛շտ պատրաստ վիճակի մէջ պէտք է պահէ իր զինեալ ուժերը։

Յօդուածագիրը կարծիք կը յայտնէ, որ ռուս-թրքական յարաբերութիւններու լարուածութիւնը դժուար կացութեան մատնած է նաեւ Ատրպէյճանը, քանի որ այս վերջինը հարկադրուած է լաւ յարաբերութիւններու մէջ մնալու թէ՛ Թուրքիոյ, եւ թէ Ռուսիոյ հետ։ <<Եթէ Ատրպէյճան թրքամէտ դիրքորոշում մը ընդունի, ապա պիտի ստիպուի Իրանի դէմ եւս դուրս ելլելու, իսկ Իրան Սուրիոյ հարցին մէջ Ռուսիոյ դաշնակիցներէն մէկն է>>։

Վրաստան Թուրքիոյ դաշնակից է ու ՆԱԹՕի անդամ։ Ռուս-վրացական յարաբերութիւնները երկար ատենէ ի վեր սառեցուած են։ Վրացական թերթ մը կը գրէ, որ <<բախումի թատերաբեմ կրնան դառնալ վրացական հողերը>>։

<<Վրաստան կրնայ աւելի ծանր դրութեան մատնուիլ, եթէ Թուրքիա փակէ սեւծովեան նեղուցները եւ Ռուսիա Վրաստանէն պահանջէ միջանցք տրամադրել՝ Սուրիա հասնելու համար>>, կը գրէ Էնկոյեան՝ աւելցնելով, որ Վրաստան ի վերջոյ պիտի ստիպուի յստակ կողմնորոշում կատարելու։

comments

Advertisement