By Asbarez | Thursday, 10 December 2015
ԵՐԵՒԱՆ, <<Երկիր Մեդիա>>.– 9 Դեկտեմբերին Գիտութիւններու ազգային ակադեմիոյ մէջ սկսաւ <<Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը եւ հայոց պետականութիւնը>> խորագիրով երկօրեայ գիտաժողովը, որ նուիրուած է կուսակցութեան հիմնադրութեան 125ամեակին:
Գիտաժողովին ընթացքին կուսակցականներ եւ պատմաբաններ պիտի ներկայացնեն կուսակցութեան գործունէութեան 125 տարիներու պատմութիւնը:
Ողջունելով գիտաժողովին մասնակիցները՝ ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեան ըսաւ, որ զոյգ հանրապետութիւններու հիմնադիր քաղաքական ուժը՝ Դաշնակցութիւնը, յաճախ տարբեր արժեւորումներ կը ստանայ, բայց պատմական փաստերը անհերքելի են եւ անոնք լուսարձակի տակ կ՛առնուին նման առիթներու յատկապէս։ Ան նաեւ շեշտեց, որ Դաշնակցութիւնը հատուածականութեան թիւ մէկ հակառակորդը եղած է հայ իրականութեան մէջ եւ այդպէս ալ պիտի ըլլայ, որովհետեւ իր անուանումն ու գոյութեան փաստը հատուածականութեան հերքումն են:
ՀՅԴ Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ, ՀՅԴ խմբակցութեան քարտուղար Աղուան Վարդանեան այս առիթով լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին անդրադարձաւ Դաշնակցութեան դերակատարութեան ու քաղաքական ուղիին: Անոր համաձայն՝ իրենք չէ, որ պիտի ըսեն, թէ Դաշնակցութիւնը ի՛նչ դեր ունեցած է, իւրաքանչիւրը պէտք է ընտրէ, թէ ի՛նչ ազդեցութիւն ձգած է Դաշնակցութիւնը իր վրայ։
<<Մենք չենք կարող ասել, որ Դաշնակցութիւնն իր ամբողջ հնարաւորութիւնն օգտագործում է: Մենք ապրում ենք մի ժամանակաշրջանում, մի հասարակութեան մէջ, որը վերափոխուելու, գիտակցութեան բարձրացման, կազմակերպուելու լրջագոյն խնդիր ունի՝ գումարած մեր միւս պրոբլեմները, որոնք խանգարում են մեր կուսակցութեանը՝ արտագաղթ, մարդկանց սոցիալիզացիայի շատ ցածր մակարդակ, միջին խաւի գրեթէ բացակայութիւն: Սրանք այնպիսի իրողութիւններ են, որոնք հնարաւորութիւն չեն տալիս լաւագոյնս դրսեւորուելու>>, յայտնեց Վարդանեան:
Դաշնակցութեան 125ամեայ երթին մասին խօսեցաւ նաեւ Լեւոն Մկրտչեան։ <<Դաշնակցութեան 125ամեայ պատմութիւնը մեր ժողովրդի պատմութեան անքակտելի մասն է: Իբրեւ պատասխանատու կուսակցութիւն՝ մեր ժողովրդի վերջին 100-150 տարուայ պատմութեան բոլոր դրուագներում Դաշնակցութեան դերն ու ձեռագիրը կայ։ Դեռեւս 18-20 թուերին էր, որ մենք ընտրեցինք եւրոպական պետականաշինութեան ձեւաչափը՝ պառլամենտական հանրապետութիւնը: Դեռեւս 90ականների սկզբին մենք հանդէս եկանք մի նախագծով, որտեղ ամրագրւում էր պառլամենտական ընտրական համակարգը>>, ըսաւ ան:
Անդրադառնալով Դաշնակցութեան պատմութեան լաւ եւ վատ էջերուն՝ Մկրտչեան ընդգծեց, որ ինչպէս մարդու կեանքին մէջ կարելի չէ ըսել ի՛նչ է ամէնէն լաւն ու վատը, նոյնն է պարագան կուսակցութեան կեանքին։ <<Դաշնակցութիւնը ձեւաւորուեց այն պահին, երբ հրապարակուած էր հայ ժողովրդի մահապատիժը: Սուլթան Համիդի ժամանակ սկսուեց Հայոց Ցեղասպանութիւնը, եւ Դաշնակցութիւնը փորձ կատարեց եւ կարողացաւ ղեկավարել մահուան դատապարտուած ժողովրդի յուսահատ պայքարը>>, նշեց Լեւոն Մկրտչեան:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ