«Հըզպալլա» ետ կը մղէ «Իսլամական Պետութեան» յարձակումը

By Asbarez | Tuesday, 15 December 2015

1215Hezbollah

ՊԷՅՐՈՒԹ, <<Ազդակ>> - Կիրակի, Դեկտեմբեր 13ին, լիբանանեան <<Հըզպալլա>> կուսակցութեան զինեալները սահմանային Քաայի մէջ կասեցուցած են <<Իսլամական պետութեան>> ներթափանցման փորձ մը՝ պատճառելով մեծ թիւով զոհեր ահաբեկիչներու շարքերուն մէջ:
Ըստ հաղորդուած լուրերուն՝ իսլամ ծայրայեղականներերուն մէկ մասը Քաայի բարձունքներէն փախուստ տալով՝ ապաստանած է Արսալ:
Միւս կողմէ, Պէյրութի Ռիատ Սոլհի անուան հրապարակին վրայ, <<Իսլամական պետութեան>> կողմէ Արսալի մէջ առեւանգուած բանակայիններուն ընտանիքները կատարած են բողոքի ցոյց մը՝ լուսարձակի տակ առնելու համար այն իրողութիւնը, որ իրենց զաւակներուն առեւանգումէն 500 օրեր անցած են արդէն:

 


comments

Advertisement