Ամերիկա կը հերքէ Ճէյմզ Ուորլիքը փոխարինելու մասին լուրը

By Asbarez | Tuesday, 15 December 2015

ԵՐԵՒԱՆ, <<Նիուզ>> - Ատրպէյճանի մօտ Ամերիկայի դեսպանատունը հերքած է այն հրապարակումները, թէ Ուաշինկթըն կը քննարկէ ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակի ամերիկացի համանախագահ Ճէյմզ Ուորլիքը այլ դիւանագէտով մը փոխարինելու հարցը:

<<Ուաշինկթըն լիովին կը վստահի դեսպան Ուորլիքին: Ան, որպէս համանախագահ, իր գործունէութիւնը պիտի շարունակէ>>, ըսած է դեսպանատան աղբիւրը:
Յիշենք, որ որոշ լրատուական միջոցներ լուրեր տարածած էին այն մասին, որ Ուորլիքի որոշ յայտարարութիւններուն եւ արարքներուն պատճառով Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն դժգոհութեան ընդառաջելով՝ Ամերիկա կը քննէ Ուորլիքը այլ դիւանագէտով մը փոխարինելու հարցը:

 


comments