Արցախի պաշտպանութեան նախարարութիւնը կը հերքէ Ատրպէյճանական սուտերը

By Asbarez | Wednesday, 16 December 2015

1216defense

ԵՐԵՒԱՆ -  Լեռնային Ղարաբաղի պաշտպանութեան նախարարութիւնը հաղորդագրութեամբ մը հերքած է Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութեան այն յայտարարութիւնը, որուն համաձայն, իբր թէ ոչնչացուած է հայերու կրակակէտ, որուն պատճառով երեք հայ զինուոր զոհուած է։ Նախարարութիւնը յայտարարած է, որ այդ յայտարարութիւնը չի համապատասխաներ իրականութեան՝ մէջբերելով նիւթին տակ ատրպէյճանցի օգտատիրոջ կատարած մեկնաբանութիւնը.
<<Ինչքա՞ն է այս սուտը յոգնեցրել: Տեսանիւթում երեւում է պայթեցուած թաքստոց: Ես հարց ունեմ. որտեղի՞ց են վերցրել երեք զինուորի մասին թիւը: Մեր պաշտպանութեան նախարարութիւնը չի հասկանում, որ անհիմն յայտարարութիւններով խաթարում է ժողովրդի հաւատը Պէտք է խօսել ՓԱՍՏԵՐՈՎ, ոչ թէ ենթադրութիւններով>>:

14-15 Դեկտեմբերի գիշերը ղարաբաղեան-ատրպէյճանական հակամարտութեան զօրքերու շփման գիծին մէջ հակառակորդը զինադադարի պահպանման դրութիւնը խախտած է շուրջ 150 անգամ՝ հայ սահմանապահներուն ուղղութեամբ արձակելով աւելի քան 1700 կրակոց:

Պաշտպանութեան բանակը կորուստ չէ ունեցած, հայ բանակայինները սահմանին վրայ իրենց կամքը կը պարտադրեն հակառակորդին եւ կը շարունակեն վստահօրէն կատարել իրենց մարտական հերթապահութիւնը:




comments