Թուրքիոյ մէջ համերգ չեմ տար, քանի դեռ չէ ճանչցած ցեղասպանութիւնը. Քիսին

By Asbarez | Thursday, 17 December 2015

0000RUSS

Ռուս յայտնի դաշնակահար Եւկենի Քիսին ամերիկեան հեղինակաւոր <<Տը Նիւ Եորք Թայմզ>> օրաթերթին տուած հարցազրոյցին յայտարարեց, որ կը հրաժարի համերգներ ունենալ Թուրքիոյ մէջ, քանի դեռ թրքական կառավարութիւնը չէ ճանչցած 1915 թուականին հայերու զանգուածային սպանութիւնները իբրեւ Ցեղասպանութիւն: Այս մասին կը հաղորդէ <<Արմէնփրէս>>ը:

<<Ես կը հաւատամ, որ երբ մարդիկ նման պետութիւններու մէջ կը գիտնան, որ որոշ երաժիշտներ կը հրաժարին համերգ ունենալ այդտեղ, քանի որ անոնց հաճելի չէ, թէ ինչ կ՛ընեն այդ երկիրներու ղեկավարները, ատիկա մտաւորականները աւելի գիտակից պիտի դարձնէ>>, յայտնեց Քիսին՝ աւելցնելով, որ ինք չի դատապարտեր իր այն գործընկերները, որոնք համերգներ կ՛ունենան մենատիրական երկիրներու մէջ: <<Ատիկա անոնց ընտրութիւնն է>>, ըսաւ ռուս աշխարհահռչակ երաժիշտը, որ Դեկտեմբեր 16ին հրեայ երգահաններուն նուիրուած համերգ կ՛ունենայ <<Քարնըկի>> սրահին մէջ:

2015ի Ապրիլին Քիսինը այցելած էր Հայաստան, ուր լրագրողներու հետ հանդիպման ընթացքին ըսած էր, որ կոչով պիտի դիմէ համաշխարհային արուեստագէտներուն եւ մշակոյթի գործիչներուն, որպէսզի անոնք միջազգային հանրութեան յորդորեն ճանչնալ եւ դատապարտել Հայոց Ցեղասպանութիւնը:



comments