Մոսկուայի եւ Ուաշինկթընի միջեւ Սուրիոյ հարցով տարակարծութիւնները կը յամենան

By Asbarez | Friday, 18 December 2015

ՄՈՍԿՈՒԱ, <<Ռոյթըրզ>> - Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա յայտնեց, որ Մոսկուայի եւ Ուաշինկթընի միջեւ Սուրիոյ հարցով տարակարծութիւնները կը յամենան: Ըստ անոր՝ պէտք է ջանք տարուի, որ այս տարեսկիզբին զինադադար հաստատուի: <<Ռուսական օդանաւին վար առնուիլը չազդեց սուրիական տագնապին եւ շրջանի կացութեան նկատմամբ մեր կեցուածքին վրայ>>, ըսաւ ան:


Միւս կողմէ, Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Ալեքսէյ Մեշքով <<ՌԻԱ Նովոսթի>> լրատու գործակալութեան հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտարարեց, որ Մոսկուա ունի այն կարծիքը, թէ Թուրքիոյ գործողութիւնները <<իսկական սպառնալիք>> կը ներկայացնեն Ռուսիոյ եւ անոր քաղաքացիներուն համար:


<<Թուրքիոյ գործողութիւնները, իսկ կարգ մը պարագաներու ալ՝ անոր անգործութիւնը, իսկական սպառնալիք են Ռուսիոյ եւ անոր քաղաքացիներուն ապահովութեան համար>>, ըսաւ Մեշքով եւ ընդգծեց, թէ այս մէկը հիմնական պատճառն է Ռուսիոյ եւ Թուրքիոյ քաղաքացիներու փոխադարձ ուղեւորութիւններուն շուրջ երկկողմանի համաձայնագիրի կասեցման եւ Թուրքիա այցելութեան տոմսերու վաճառքէն ձեռնպահ մնալու մասին ռուսական զբօսաշրջական ընկերութիւններուն ու գործակալներուն տրուած յանձնարարականին:


Մեշքով յայտարարեց, որ Թուրքիա պէտք է ռուսական օդանաւին վար առնուիլը ընդունի իբրեւ յարձակում եւ երաշխիքներ տայ, որ այդպիսի բան այլեւս պիտի չկրկնուի, ապա նաեւ փոխհատուցում վճարէ:


Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Կենատի Կաթիլով եւս շեշտեց. <<Թուրքիա պէտք է Ռուսիոյ փոխհատուցում կատարէ՝ սուրիական հողերուն վերեւ թռիչք կատարող ռուսական օդանաւը վար առնելուն համար>>:


Սակայն, Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Թանժու Պիլկիչ Դեկտեմբեր 16ին նշեց. <<Թուրքիոյ իշխանութիւնները Ռուսիոյ պատերազմական օդանաւը վար առնելուն համար փոխհատուցում վճարելու մտադրութիւն չունին>>: Ան ըսաւ, թէ Ռուսիա պէտք է խոստանայ, որ իր պատերազմական օդանաւերը անգամ մը եւս պիտի չհատեն Թուրքիոյ օդային սահմանը:

 


comments