By Asbarez | Tuesday, 22 December 2015
ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակի համանախագահները, Զուիցերիոյ մայրաքաղաք Պեռնի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի միջեւ տեղի ունեցած հանդիպումէն ետք հրապարակած են յայտարարութիւն մը, որուն մէջ կը նշուի, թէ վեհաժողովը նախագահներուն կարելիութիւն ընծայած է՝ առանձնազրոյցի ձեւաչափով հանդիպումին ընթացքին յստակացնելու իրենց դիրքորոշումը:
Մինսկի խմբակի համանախագահներուն հրապարակած յայտարարութեան մէջ կ՛ըսուի.
<<Նախագահները քննարկած են վերջին շրջանին բռնարարքներու դէպքերը եւ յատուկ մտահոգութիւն յայտնած են զոհերուն առնչութեամբ, ներառեալ՝ քաղաքային անձերու շրջանակին մէջ՝ ծանր զէնքերու օգտագործման պատճառով: Նախագահները իրենց աջակցութիւնը յայտնած են համանախագահներուն կողմէ տարուող աշխատանքին՝ այն առաջարկներուն շուրջ, որոնք ուղղուած են շփման գիծին եւ հայ-ատրպէյճանական սահմանին վրայ բռնարարքներու վտանգներու նուազեցման, ներառեալ՝ հետաքննութիւններու համակարգ կիրարկելուն: Նախագահները իրենց պատրաստակամութիւնը յայտնած են շարունակելու ներգրաւուածութիւնը բանակցային լուծման առաջարկներուն շուրջ: Անոնք նաեւ վերահաստատած են իրենց յանձնառութիւնը Մինսկի խմբակի ձեւաչափին նկատմամբ:
Համանախագահները կը շարունակեն պատրաստակամ ըլլալ կողմերուն հետ աշխատանքներ կատարելու՝ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի խաղաղ բանակցային լուծման միջնորդութեան հարցին մէջ>>:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ