By Asbarez | Tuesday, 22 December 2015

ՊԱՔՈՒ, <<Էյ.Փի.Էյ.>> - Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարով Դեկտեմբեր 21ին յայտարարած է, որ Պաքու, նախագահներու մակարդակով Պեռնի մէջ կայացած հանդիպումը դրական կը նկատէ:
<<Կ՛ողջունենք Մինսկի խմբակի համանախագահներուն, ինչպէս նաեւ Զուիցերիոյ կառավարութեան ջանքերը՝ նախագահներուն հանդիպումը կազմակերպելու ուղղութեամբ>>, ըսած է Մամետեարով: Ան նշած է, որ հանդիպումէն ետք կողմերուն կոչ կատարուած է՝ 2016ին աշխուժացնելու երկխօսութիւնը, հակամարտութեան համակողմանի կարգաւորման նպատակով, եւ շարունակելու Սոչիի, Նիւփորթի եւ Փարիզի մէջ մեկնարկած քննարկումները՝ Մատրիտեան սկզբունքներուն հիման վրայ:
<<Պաքու պատրաստ է կառուցողական երկխօսութեան՝ այդ առաջարկներուն հիման վրայ, որոնք դրուած են բանակցային սեղանին>>, յայտարարած է Մամետեարով:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ