Թուրքիա պէտք է իր քայլերը համակարգէ Իրաքի եւ Սուրիոյ հետ. Թեհրան

By Asbarez | Wednesday, 23 December 2015

1223Ansari

ԹԵՀՐԱՆ, <<Ռոյթըրզ>>- Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Հիւսէյն Ժապեր Անսարի յայտնեց. <<Թեհրան եւ Ռիատ դիւանագիտական ջանքեր կը թափեն՝ իրենց միջեւ տարակարծութեանց լուծման նպատակով ուղղակի երկխօսութեան բարենպաստ մթնոլորտ պատրաստելու համար>>: Ան ըսաւ, որ Թեհրանի մօտ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ալի Հասան Ճաաֆար մօտ օրէն պիտի սկսի վարելու իր պաշտօնը: Անդրադառնալով հարիւրաւոր իրանցիներու կեանքը խլած Մունայի աղէտի հետաքննութեան՝ բանբերը յոյս յայտնեց, որ ձեւաւորուող նոր մթնոլորտի լոյսին տակ սէուտական կառավարութիւնը իր պատասխանատուութիւնը ընդունելով՝ կ՛ապահովէ դէպքի բոլոր ծալքերուն բացայայտումը:


Անսարի նաեւ շեշտեց, թէ Թուրքիա ահաբեկչութեան դէմ պայքարի ծիրին մէջ իր առած որեւէ քայլին համար համակարգում պէտք է կատարէ Իրաքի եւ Սուրիական կառավարութիւններուն հետ:


Իսկ ակնարկելով Իրան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններու ապագային՝ ան ըսաւ, որ երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւնները կը շարունակուին՝ հակառակ կարգ մը խանգարումներու:


comments