«Իսլամական Պետութիւն»ը սկսած է տկարանալու. «Նիւ Եորք Թայմզ»

By Asbarez | Wednesday, 23 December 2015

 

ՆԻՒ ԵՈՐՔ - <<Նիւ Եորք Թայմզ>> կը գրէ, թէ <<Իսլամական պետութիւն>> կոչուած ահաբեկչական խմբաւորումը կը տկարանայ եւ սկսած է կորսնցնելու Սուրիոյ եւ Իրաքի սիւննի բնակչութեան շրջանակէն ներս մեծ թիւով համակիրներ։ Կազմակերպութեան քարոզչութեամբ խաբուած հարիւր հազարաւոր բնակիչներ սկսած են գիտակցելու, թէ <<Իսլամական պետութիւն>>ը իրականութեան մէջ յանցագործ խմբաւորում մըն է, որ ժողովուրդը կը պահէ ծանր հարկերու տակ։
Թերթը այս եզրակացութեան յանգած է զրուցելէ ետք <<Իսլամական պետութեան>> զինեալներու հարստահարումէն եւ դաժանութենէն խոյս տուած ու Թուրքիա ապաստանած գաղթականներու հետ։ <<Կը կարծէինք, որ անոնք կը փափաքին ազատիլ վարչակարգէն )Սուրիոյ), սակայն յայտնի դարձաւ, որ անոնք սովորական աւազակներ են>>, կը պատմէ փախստական մը, որ բարձր աշխատավարձով աշխատած է Սուրիոյ մէջ <<Իսլամական պետութեան>> հակակշիռին տակ գտնուող քարիւղի բաշխման կայանի մը մէջ։


<<Նիւ Եորք Թայմզ>>ի գնահատումով, <<Իսլամական պետութիւն>>ը զգալի վնասներ կը կրէ Ամերիկայի գլխաւորուած ուժերուն եւ Ռուսիոյ յարձակումներէն։ <<Քանի մը պետութիւններու օդային հարուածներու ճնշումը, ինչպէս նաեւ քիւրտ եւ շիի զինուորական ուժերու յարձակումը սկսած են ազդելու <<Իսլամական պետութեան>> զինեալներուն վրայ։ Զինեալներու մէկ մասին վարձատրութիւնը կրճատուած է, իսկ միւսները կը փախչին ջոկատներու տեղակայման վայրերէն>>, կը գրէ թերթը։

Թերթին տուեալներով, քարիւղի մաքսանենգումէն եկամուտները աստիճանաբար կը նուազին, եւ այդ պատճառով ալ խմբաւորումը կ՛աւելցնէ բնակչութեան վրայ դրուած հարկերը։ Ներկայիս, ահաբեկիչներուն գլխաւոր հարցը փորձառու մասնագէտներու պակասն է։ Առանց անոնց, ենթակառոյցները քայքայման վտանգը կը դիմագրաւեն։

 


comments